ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Տիֆենս Նիուզ».- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տան Օրէնքներու յանձնախումբը Չորեքշաբթի, Յուլիս 12ին վաւերացուց քոնկրեսական Տէյվ Թրաթի առաջնարդրած՝ Էրտողանի թիկնապահներուն արդիական զէնքեր ծախելու ծրագիրը կասեցնելու յաւելուածը։
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Թրաթ, իր առաջարկին նեցուկ կանգնելու յայտարարութեան մէջ շեշտած է, թէ այս պատժամիջոցով պէտք է յստակօրէն պատասխանատուութեան կանչել Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը, շեշտելով, թէ երկրին ռազմագիտական կարեւոր դիրքը իրաւունք չի տար Անգարային, որ ինքզինք օրէնքէն վեր համարէ։
Թրաթի առաջարկը մէկն էր այն չորս պատժամիջոցներէն, որոնք ներկայացուած էին՝ դատապարտելու համար Ուաշինկթընի մէջ Մայիս 16ին տեղի ունեցած խաղաղ ցոյցի մը ընթացքին Թուրքիոյ նախագահի թիկնապահներուն կողմէ ցուցարարներուն դէմ գործուած վայրագ յարձակումը, եւ շեշտելու, թէ ամերիկեան արժէքներու նման ոտնակոխումէ մը ետք՝ Թուրքիոյ զէնքեր վաճառելու ծրագիրները խոտոր կը համեմատին Միացեալ Նահանգներու սկզբունքներուն։
Թրաթի կողքին, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամ Տէյվիտ Սիսիլին առաջարկած է կասեցնել արդիական «Էֆ.35» տիպի ռազմական օդանաւերը Թուրքիոյ ծախելու ծրագիրը: Քոնկրեսական Տանա Ռորպախըր, իր կարգին, առաջարկած է Թուրքիոյ բանակը զինելու փոխարէն՝ զէնքեր տրամադրել «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին մէջ գործնական աջակցութիւն տրամադրող Սուրիոյ քիւրտերուն, իսկ քոնկրեսական Տան Պէյըր առաջարկած է Միացեալ Նահանգներ մուտքը արգիլել Էրտողանի ա՛յն թիկնապահներուն, որոնք ցուցարարներ ծեծած էին Մայիս 16ին։ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, իր կարգին, դրուատեց Ներկայացուցիչներու տան Օրէնքներու յանձնախումբին որոշումը, միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ միւս առաջարկները եւս կը վաւերացուին։