ՀՈՒՐԻ ԱՊԱՃԵԱՆ
Վարուժան Գունտաքճեանի կուսակցական – լայն իմաստով՝ քաղաքական-քաղաքացիական – գործունէութիւնը յայտնի է շատերուն: Իր ամբողջ գործունէութիւնը ուղղուած էր հայութեան ու Հայ Դատի ծառայութեան, Հայոց հաւաքական երազանքի իրագործման:
Բաւական յատկանշական է անոր ծննդեան թուականը՝ Ապրիլ 24: Ա՛յդ է թերեւս զօրաւոր պատճառը, որ այս գործիչին կեանքն ու գործունէութիւնը անքակտելիօրէն շաղկապուած են իր ժողովուրդին ու հայկական համայնքներուն ճակատագրին, Դամասկոսէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ՝ Լոս Անճելըս:
Ահաւասիկ, ա՛յս նպատակով հիմնեցի «Հայ Գիւղ»ը՝ իբրեւ մէկ մասնիկը Փափայեանց ընտանիքի հիմնադրամին, որուն նպատակն է Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերուն եւ Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել կարիքաւորներուն, երեխաներու դէմքին ժպիտ բերել, որ անոնք պայծառ ապագայ ունենան, մխիթարել զոհուած զինուորներու ընտանիքներ: Ծրագիրը նուիրեցի Վարուժան Գունտաքճեանի յիշատակին, որովհետեւ ան միշտ սիրեց իր հայրենիքը, ազգն ու եկեղեցիները: Անոր անունը պիտի յարատեւ յիշուի եւ պիտի չմոռցուի ժամանակի ընթացքին:
Երկար տարիներ երազած եմ շրջագայիլ հայրենիքիս մէջ, եւ այդ մէկը առաջին անգամ կատարուեցաւ այս տարի Յունիս 7էն Յունիս 17ի միջեւ, եւ զայն նուիրեցի Վարուժանի յիշատակին:
Գիւղէ գիւղ ճանապարհորդութիւնս կազմակերպուած էր Armednian Hikers Association-Լոս Անճելըսի կողմէ, 55 անդամներու մասնակցութեամբ, մեծամասնութեամբ՝ Լոս Անճելըսէն. նպատակն էր օգտակար հանդիսանալ գիւղացիներուն։ Այցելեցինք հետեւեալ գիւղերը՝ Սպիտակաւոր, Սմբատաբերդ, Լծեն-Տաթեւ, Պարզ լիճ-Գոշավանք, Լաստիվեր եւ Արագած լեռ:
«Հայ Գիւղ»ի նախաձեռնութեան համար, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, որ օրհնեց «Հայ Գիւղ»ի ճամբորդութեան դրօշակը, եւ երախտապարտ եմ Փափայեանց ընտանիքի հիմնադրամին եւ Վարուժան Գունտաքճեանի ընտանիքին, իրենց աջակցութեան համար։ Նաեւ, խորապէս շնորհակալ եմ ընկերներուս, հարազատներուս, ընտանիքիս եւ բոլոր նուիրատուներուն, որոնք նախաձեռնութիւնը հասցուցին նպատակին:
***
Մայիս 31, 2017էն Յունիս 6, 2017ի միջեւ, «Հայ Գիւղ»ը ամբողջացուց հետեւեալ բարի գործերը.
- Նիւթապէս օգնեցինք եւ այցելեցինք Ղարաբաղի մէջ հինգ զոհուած զինուորներու ընտանիքներու. անոնք զոհուած էին Ապրիլի քառօրեայ պատերազմին. ընդհանուր նուիրատուութիւն՝ 2650 տոլար:
- Մարտակերտի մէջ օգնեցինք կարիքաւոր ընտանիքի մը՝ 200 տոլար.
- Երեւանի մէջ նիւթապէս աջակցեցանք կարիքաւոր 14 երեխաներու՝ 1000 տոլար.
- 13 տարեկան երեխայի (Խաչատրեան) բժշկական օգնութիւն տրամադրեցինք՝ 1000 տոլար.
- Երեւանի «Զատիկ» մանկատան հեռատեսիլ նուիրեցինք՝ 400 տոլար.
- Երեւանի «Զատիկ» մանկատան 120 սանիկներուն՝ կարկանդակներ, անուշեղէն եւ խմելիքներ՝ 300 տոլար, նաեւ ձեռային աշխատանքներ կատարեցինք 120 սանիկներու հետ՝ 150 տոլար։
- Օգնութիւն՝ հաշմանդամ Նորայի ընտանիքին, Մեծն Այրում – Ալավերդի շրջան՝ 300 տոլար.
- Օգնութիւն՝ մեծ մայրիկի մը եւ իր խնամած երկու թոռնիկներուն, Մեծն Այրում, 120 տոլար։
«Հայ Գիւղ»ի աշխատանքներուն մանրամասնութեանց մասին կարելի է իմանալ՝ PFF Hye Kough Ֆէյսպուքի էջէն, կամ՝ Hye.Kough «ինստիկրամ»ով։