Երկուշաբթի, Յուլիս 17ին, յետմիջօրէի ժամը 5ին, Լիոնի Քաղաքապետական խորհուրդը Լիոնի յաջորդ քաղաքապետ ընտրեց տոքթ. Գէորգ Քեփենեկեանը, որ մշակոյթի եւ մշակութային մեծ ձեռնարկներու հարցերով ներկայի քաղաքապետի առաջին կցորդն էր:
Քեփենեկեան Օգոստոս 8ին պիտի դառնայ 68 տարեկան. հայ գաղթականներու զաւակ է. ասպարէզով՝ վիրահատ-միզաբան: Բժշկական աշխարհին մէջ կը վայելէ մեծ յարգանք: Մեծ ջանքեր ի գործ դրած է, որպէսզի մշակոյթը մուտք գործէ հիւանդանոցներէն ներս եւ մեծ մասամբ յաջողած է: Ասիկա կարելի է նկատել իր գլխաւոր երկու յանձնառութիւններէն առաջինը: Իսկ երկրորդը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն է: Քեփենեկեան «Պիւլլիւքեան» հիմնարկութեան վարչական խորհուրդի անդամ է: