ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Թրքական դատարանը թոյլ չէ տուած խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանին, որ ներկայ գտնուի Երեքշաբթի, Յուլիս 18ին կայացած տասը իրաւապաշտպաններու գործով լսումներուն: Այս մասին «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է Փայլան՝ նշելով, որ ստիպուած եղած է չորս ժամ՝ բաց դրան ետեւէն լսելու դատարանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները:
Նիստի աւարտին, ան գրած է հետեւեալը. «Մե՛ծ ամօթ: Վեց իրաւապաշտպաններ՝ Իտիլ Էսեր, Օզլեմ Տալքըրան, Վելի Աճու, Կիւնալ Քուրշուն, Ալի Կարաւի եւ Փիթըր Ստոյթներ, կալանաւորուած են: Մարդկային իրաւունքները կալանաւորուեցան»:
Փայլան մեծ ցաւով արձանագրած է, որ Թուրքիա իր այս քայլով, յայտնուած է Հիւսիսային Քորէայի հետ նոյն մակարդակին վրայ: Ան իր էջին վրայ տեղադրած է նաեւ դատարանի դահլիճէն դուրս կալանաւորուած իրաւապաշտպաններուն հետ առնուած լուսանկարը:
Նշենք, որ դատարանը որոշեց Պոլսոյ մէջ Յուլիս 5ին ձերբակալուած տասը իրաւապաշտպաններէն վեցը բանտարկուած պահել, իսկ մնացեալ չորսը ազատ արձակել՝ երկրէն չհեռանալու պայմանով:
Իրաւապաշտպանները կը մեղադրուին «ահաբեկչական խմբաւորման անդամ ըլլալու» յանցանքով: Ձերբակալուածներու շարքին են՝ «Միջազգային Ներում» (Amnesty International) մարդկային իրաւանց միջազգային կազմակերպութեան Թուրքիոյ գրասենեակի ղեկավար Իտիլ Էսեր եւ նոյն կազմակերպութեան աշխատակից Վելի Աճու:
«Միջազգային Ներում»ը եւս դատապարտած է այս վճիռը եւ կոչ ըրած է ճնշում գործադրելու Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վրայ, որպէսզի անմիջապէս դադրեցնեն հետապնդումներն ու ազատ արձակեն իրաւապաշտպանները. «Այսօր մենք հասկցանք, որ մարդկային իրաւունքներու համար պայքարիլը Թուրքիոյ մէջ յանցանք կը համարուի: Եկած է ճշմարտութեան պահը Թուրքիոյ եւ միջազգային հասարակութեան համար: Աշխարհի առաջնորդները պէտք է դադրեցնեն լուռ մնալու քաղաքականութիւնը եւ պէտք չէ շարունակեն իրենց գործերը այնպէս, որ կարծէք ոչինչ պատահած է», յայտարարած է կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Սալիլ Շեթին:
Միացեալ Նահանգներ եւս մտահոգութիւն յայտնած է կատարուածին առնչութեամբ՝ կոչ ընելով ազատելու իրաւապաշտպանները ու պահպանելու Թուրքիոյ սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած ազատութիւնները:
Իր կարգին, «Միջազգային Ներում»ի ներկայացուցիչ Էնտրու Կարտնըր, հարցազրոյց մը տալով գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» թերթին՝ պնդած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները այսպիսի քայլերով կը փորձեն ահաբեկել երկրին մէջ գործող իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններն ու անոնց անդամները։ Ան անհեթեթ նկատած է իրաւապաշտպաններուն դէմ ներկայացուած ամբաստանութիւնները՝ ըսելով. «Այս մարդիկը որպէս թիրախ ընտրուած են՝ պարզապէս մարդկային իրաւունքները պաշտպանելնուն համար։ Այս ճնշումը ուղերձ է բոլոր այն կառոյցներուն, որոնք կը զբաղին մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեամբ»։
Յիշեցնենք, որ նշեալ 10 իրաւապաշտպաններուն ձերբակալութիւնը կատարուեցաւ այն պահուն, երբ անոնք կը մասնակցէին մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան նուիրուած սեմինարի մը։