ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Ֆերահեան վարժարանին, Օգոստոս 11էն 13ի միջեւ պիտի բեմականացուի Վահէ Պէրպէրեանի «Վարդագոյն Փիղը» թատերգութիւնը։
Ստեղծագործութիւնը պիտի բեմադրուի Լեւոն Շանթ Տէմիրճեանի կողմէ, իսկ անոր բեմայարդարումը ստանձնած է Սեւակ Մահսէրէրճեան։ Երաժշտութեան պատասխանատուն է Արա Տապանճեան։
Թատերախաղը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն թատերգութիւն մը ներկայացնելու համար տեղի ունեցող փորձերու մասին է, որոնց ընթացքին կ՛արծարծուին ընկերային, սիրային, ազգային եւ համամարդկային շարք մը հարցեր։
1985ին, առաջին անգամ ըլլալով Լոս Անճելըսի մէջ հայերէնով բեմադրուած այս թատերգութեան անգլերէն թարգմանութիւնը բեմ բարձրացած է նաեւ Անգլիոյ, Սկովտիոյ եւ Սաքրամենթոյի մէջ: 2011ին, անոր յունարէն տարբերակը բեմադրուեցաւ Աթէնքի մէջ։ Անիկա նաեւ շարժապատկերի վերածուեցաւ Արա Մածունեանի կողմէ։
«Վարդագոյն Փիղը»ի այս անգամուան կալա-ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Օգոստոս 11ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին։ Անոր մասնակցութեան սակը 100 տոլար է, ներառեալ՝ գինի, զովացուցիչ եւ ուտեստեղէն։
Օգոստոս 12ի (երեկոյեան ժամը 7։30ին) եւ Օգոստոս 13ի (կ.ե. ժամը 2ին) ներկայացումներու տոմսերուն գինը 22 տոլար է։
Ներկայացումները տեղի պիտի ունենան «ARTN Theatre»ի սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 4407 San Fernando Rd., Glendale CA 91204։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել www.facebook.com/ThePinkElephant2017 կայքէջը, իսկ տոմսերը կարելի է ապահովել՝ դիմելով PinkElephantPlay@gmail.com հասցէին, կամ՝ այցելելով www.itsmyseat.com/pinkelephant կայքէջը։