ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան հարցերով տեսչութեան ղեկավար Զարմինէ Զեյթունցեան Չորեքշաբթի, 19 Յուլիսին յայտարարեց, որ Հայաստան շուտով պիտի ունենայ զբօսաշրջութեան իր տեղեկատուութեան պաշտօնական կայքը՝ Armenia Travel-ը:
Սոյն կայքին վրայ պիտի տեղադրուի պետութեան կողմէ ստուգուած տեղեկատուութիւն: Կայքին օգնութեամբ զբօսաշրջիկները պիտի կարենան որոշել իրենց երթուղին ու տեսնել, թէ ի՛նչ ծառայութիւններէ կրնան օգտուին: