ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թրքական «ԱյիլտիզԹիմ» անունով ծանօթ համացանցային կայքահէններու խումբը յարձակած է եւ ժամանակաւորապէս իր հակակշիռին տակ առած է պոլսահայ մտաւորական Սեւան Նշանեանի «Թուիթըր»ի էջը:
«Սի.Էն.Էն. Թիւրք» լրատուամիջոցին համաձայն՝ աւազակները նաեւ գրառում կատարած են Նշանեանի մասին՝ սպառնալով, որ արտասահման փախած «թռչուն»ը պէտք չէ հպարտանայ, աւելցնելով, որ «այդ թռչունը բռնելու գործը իրենց վրայ կը մնայ»:
Նշանեան վերոնշեալ դէպքին կապակցութեամբ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ «Թուիթըր»ի իր էջը առայժմ իր վերահսկողութեան տակ չէ:
Նշենք, որ Յունաստանի իշխանութիւնները վեցամսեայ կեցութեան արտօնութիւն շնորհած են Նշանեանին։