ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Վանի հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պատկանող պատմական զանգը, որ անյայտ պատճառներով հասած է Իրանի հիւսիս արեւմուտքը, պիտի վերադարձուի Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ. այս մասին կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցներ:
Տիգրանակերտ հաստատուած քրտական «Ամետթուտէյ» լրատուական կայքին տեղեկութիւններով՝ 629 տարուան պատմութիւն ունեցող սոյն զանգը ցարդ կը ցուցադրուէր Իրանի Ուրմիա քաղաքի Պատմութեան թանգարանին մէջ: Յայտնի է, որ անիկա Վանի Ս. Աստուածածինին նուիրուած է 1388ին:
Օգոստոս 9ին, Իրանի մշակութային ժառանգութեան, ձեռարուեստի եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան նախագահի տեղակալ Միրհատի Քարասէյէտ Ռոմիանի ըսած է. «Մենք Իրանի մէջ գտնուող բոլոր պատմական յուշարձանները անոնց ծագումի երկիրներուն յանձնելու քաղաքականութեան գործադրութեան սկսած ենք», միաժամանակ աւելցնելով, թէ աշխատանք կը տարուի նաեւ Իրանի պատկանող պատմամշակութային արժէք ունեցող իրերը Իրան վերադարձնելու ուղղութեամբ: