ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- «Արցախեան արուեստի ֆորում» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ Արցախի մայրաքաղաքը ունեցաւ իր սեփական «վերնիսաժ»ը, ուր կարելի է գտնել արցախցի վարպետներու կողմէ կաւով, փայտով, թելով եւ ալ նիւթերով պատրաստուած կիրառական իրեր եւ գեղեցիկ յուշանուէրներ:
Բացի հմուտ վարպետներու աշխատանքներու վաճառքէն, շաբաթական պարբերականութեամբ «Վերնիսաժ»ի տարածքին վրայ պիտի կազմակերպուին նաեւ կաւագործութեան եւ ձեռագործի բաց դասեր բոլոր փափաքողներուն համար՝ տեղացի թէ զբօսաշրջիկ: