ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի մօտ Իսրայէլի դեսպան Էլիահու Երուշալմիի կարծիքով՝ իսրայէլեան մամուլին մէջ հրապարակուած այն լուրը, թէ իսրայէլեան անօդաչու սարքեր իսրայէլացիներու կողմէ փորձարկուած են հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, իրականութեան չի համապատասխաներ:
«Այդ տեղեկատուութիւնը գրուած է թերթի մը մէջ, որ աւելի ուշ հերքած է իր այդ հրապարակած լուրը: Այս դէպքը ամենայն հաւանականութեամբ երբե՛ք տեղի չէ ունեցած, բայց ամէն պարագայի, Իսրայէլ կը ստուգէ այդ տեղեկութիւնը», ըսած է ան:
Դեսպանը նաեւ նշած է, որ այդ հրապարակումը չի կրնար ազդել հայ-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն վրայ, որովհետեւ՝ «ոչի՛նչ տեղի ունեցած է»: Ան յիշեցուցած է, որ միայն երկու շաբաթ առաջ Իսրայէլի տարածաշրջանային համագործակցութեան նախարարը այցելած էր Հայաստան, եւ երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած էին համաձայնագիրներ, ինչ որ կը վկայեն հայ-իսրայէլեան լաւ յարաբերութիւններու առկայութեան մասին:
«Հայաստանի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները շարունակաբար կը բարելաւուին, իսկ ներկայիս մեծ համագործակցութիւն կայ մեր երկու երկիրներուն միջեւ», շեշտած է դեսպանը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որո՞ւն շահերէն կը բխի նման կեղծ տեղեկատուութիւն հրապարակելը՝ Երուշալմի ըսած է. «Գաղափար չունիմ, թէ ինչո՛ւ այդ յօդուածը հրապարակուած է. պէտք է հարցնէք անոնց, որոնք հրապարակած են զայն: Երբեմն յօդուածներ կը հրապարակուին՝ երկու կողմերուն միջեւ յարաբերութիւններուն վնաս հասցնելու համար: Երբե՛ք պէտք չէ հաւատալ բոլոր լուրերուն, որոնք կը գրուին թերթերու մէջ: Երբ կը կարդաս այդ յօդուածը, դժուար է հաւատալ այն ամէն ինչին, զոր գրուած է հոն։ Կարծես լուսինէն պատմութիւն մըն է անիկա: Լրջութեամբ չեմ վերաբերիր անոր հետ»:
Դեսպանը, սակայն, յստակ պատասխան չէ տուած այն հարցումին, թէ Իսրայէլ անօդաչու թռչող սարքեր վաճառա՞ծ է Ատրպէյճանին։