ԵՐԵՒԱՆ.- Ծանր եւ առանձնապէս ծանր յանցագործութիւններու թիւը նուազած է, իսկ անոնց բացայայտման ցուցանիշները՝ բարելաւուած:
Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը կը տեղեկացնէ, որ մասնաւորապէս 2017ի առաջին կիսամեակին, հանրապետութեան տարածքին էապէս նուազած են ծանր կամ առանձնապէս ծանր յանցագործութիւններու, հրազէնի, ռազմամթերքի գործադրութեամբ կատարուած յանցագործութեան դէպքերը: Եթէ 2016ի առաջին 6 ամիսներուն ընթացքին հանրապետութեան տարածքին արձանագրուած է ծանր յանցագործութեան 1613, առանձնապէս ծանր յանցագործութեան 116, հրազէնի, ռազմամթերքի գործադրումով կատարուած յանցագործութեան 36 դէպք, ապա 2017ի առաջին կիսամեակին՝ ծանր յանցագործութեան 1210, առանձնապէս ծանր յանցագործութեան 91, հրազէնի, ռազմամթերքի գործադրութեամբ կատարուած յանցագործութեան 27 դէպք: Այսինքն՝ այս տարուայ առաջին 6 ամիսներուն 25 տոկոսով նուազած են ծանր, 21,6 տոկոսով՝ առանձնապէս ծանր, 25 տոկոսով՝ հրազէնի, ռազմամթերքի գործադրութեամբ կատարուած յանցագործութիւնները:
2016ի առաջին կիսամեակին արձանագրուած է սպանութեան 39, սպանութեան փորձի 17 դէպք, իսկ 2017ի նոյն ջամանակամիջոցին՝ սպանութեան 25, սպանութեան փորձի 13 դէպք:
Բարելաւուած է այս յանցատեսակներով բացայայտման ցուցանիշը: 2016ի առաջին կիսամեակին արձանագրուած ծանր յանցագործութեան 1613 դէպքէն բացայայտուած է 891ը, 2017ին՝ 1210 ծանր յանցագործութիւններէն բացայայտուած են 799ը: