ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Խմբագիրը պէ՞տք է, որ մտահոգուի թերթի նիւթական կարիքներով։
Սկզբունքով՝ ո՛չ… ան պէտք չէ մտահոգուի եւ պէտք չէ անմիջական որեւէ առնչութիւն ունենայ ծանուցողներու կամ նոյնիսկ հովանաւորներու հետ: Իր հաւատարմութիւնը, իր պատասխանատուութիւնը՝ թերթի գաղափարախօսութեան, առարկայական լրատուութեան եւ ճշմարտութեան հարազատ մնալուն մէջ կը կայանայ:
«Ասպարէզ» միշտ փորձած է տարանջատել խմբագիրի եւ տնօրէնի պաշտօնները, սակայն, դժբախտաբա՛ր, մեծ յաջողութիւն չէ կրցած արձանագրել այս մարզին մէջ, եւ խմբագիրները պարտաւոր եղած են նաեւ իրենց ջանքերուն մէկ կարեւոր մասը յատկացնել նիւթական միջոցներու ապահովման: Այս սպառիչ աշխատանքը նախ անպայմանօրէն իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ թերթի բովանդակութեան, սկզ-բունքայնութեան վրայ, ապա նաեւ պարզապէս կը սպառէ խմբագիրին ուժն ու կորովը:
Մեր իրականութեան մէջ, սակայն, կայ քիչ մը զարտուղի բայց դրական երեւոյթ մը, որ որոշ չափով կը հակազդէ սպառումին ու որոշ խանդավառութիւն իսկ կը ստեղծէ… անիկա հովանաւորներու ջերմութի՛ւնն է, որ իրենց նուիրատուութեանց հետ կը փոխանցուի խմբագրութեան: Շնորհակալ եւ երախտապարտ ենք ատոր համար:
Տարեդարձի կենացները կը շարունակուին. այսպէս՝
Ալդոյեան Ընտանիք՝ Ռոբերթ Ալդոյեանի յիշատակին՝ 1000 տոլար
Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Լոս Անճելըսի Ընկերակցութիւն՝ 1000 տոլար
Անահիտ Պաղտատլեան-Օհաննէսեան՝ 500 տոլար
«Ասպարէզ»ի գործը գնահատող ընտանիք մը՝ 218 տոլար
Falafel Arax՝ 110 տոլար
109 տոլար կը նուիրեն՝
ՀՕՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Անահիտ» Մասնաճիւղ
ՀՕՄի Ֆրեզնոյի «Մայր» Մասնաճիւղ
ՀՕՄի Ֆրեզնոյի «Սոֆիա» Մասնաճիւղ
Կը սպասենք ձեր արձագանգին։