ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի, 24 Օգոստոսին, կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան յայտնեց, որ այս ուսումնական տարեշրջանին 14 դպրոցներ պիտի միացուին:
«Մենք, ըստ էութեան, նոր գործ չենք անում: Դեռեւս գարնանից սկսուած գործընթաց է դպրոցների միաւորումը, ի դէպ, այն օպտիմալացում չէ: Աշակերտների քանակով պայմանաւորուած՝ հարեւանութեամբ գտնուող դպրոցները միաւորւում են: Այն դպրոցներում, որոնք ունեն 60-80 աշակերտ, հոսքային ուսուցում կիրառելը հնարաւոր չէ: Եթէ դպրոցները մօտիկ են փորձել ենք միացնել: Միաւորւում են այն դպրոցները, որտեղ կրթական որակ ապահովելը շատ դժուար էր», յայտնած է նախարարը:
Միաւորուած դպրոցներու աշխատակազմերէն հիմնական կրճատումները պիտի ըլլան վարչական բաժիններէն: Լեւոն Մկրտչեան յայտնեց, որ երկու տասնեակ ուսուցիչներու կը փորձեն տեղաւորել համակարգին մէջ:
Ինչ կը վերաբերի երկու յայտնի անձնաւորութիւններու անունով կոչուող դպրոցներուն, որոնք կը միաւորուին, նախարար Մկրտչեան յայտնեց, որ «պիտի լուծենք, անունների հարցը: Սա իսկապէս բաւականին բարդ հարց է, այնպէս անել, որ մեր ժողովրդի համար թանկ անուններով դպրոցները մնան»: