ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Կլէնտէյլի «Ամերիքանա» առեւտուրի կեդրոնի ղեկավարները անգամ մը եւս հակասեցին իրենք զիրենք՝ յայտարարելով, որ ոչ միայն համաձայն են ծանուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին «Ժխտման Ճարտարապետները» վաւերագրական ժապաւէնը, այլեւ առաջարկեցին զայն գովազդել անվճար…
Այս ընթացքին, «Ամերիքանա»ի ղեկավարները իրենք զիրենք անխոհեմ ցոյց տուին, նաեւ ոչ արհեստավարժ, եւ որքան ալ որ զարմանալի թուի, նաեւ ընդդէմ իրենց առեւտրական շահերուն, երբ անզգայ վերաբերում դրսեւորեցին իրենց հիմնական գնորդներուն՝ տեղւոյն մեծաթիւ հայ բնակչութեան նկատմամբ։
Ամէն բան սկսաւ երկու շաբաթ առաջ, երբ «Ամերիքանա»ի գլ-խաւոր տնօրէն Ճուլի Ճորըքի մերժեց տարածք տրամադրել ծանուցումի պաստառին համար՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական ժապաւէնը անուանելով «խիստ քաղաքականացուած»: Երբ պատշաճ բացատրութիւն ստանալու համար դիմեցի «Ամերիքանա»ին, առեւտուրի կեդրոնի հասարակութեան հետ կապերու եւ հաղորդակցութեան բաժինի պատասխանատու Էմըլի Տէյվիս ըսաւ. «Մենք խիստ չափանիշներ ունինք մեր ծանուցումներուն համար եւ ուշադիր կը հետեւինք անոնց բովանդակութեան: Այս ծանուցումը չի համապատասխաներ գովազդային ուղեցոյցներու մեր չափանիշներուն՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ ամբողջ տարածքին»: Իմ այն հարցումիս, թէ ինչու վաւերագրական ժապաւէնը չի համապատասխաներ «Ամերիքանա»ի գովազդային չափանիշներուն, երեք օր անց Էմիլի Տէյվիս պատասխանեց. «Ամերիքանա»ն աւելցնելիք չունի…
Տեղւոյն հայ համայնքի եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Կլէնտէյլի մասնաճիւղի ճնշման տակ, «Ամերիքանա»ի գործադիր փոխնախագահ Ճէքի Լեւի փոխեց գործին ընթացքը եւ հաշտեցման նամակ յղեց Հայ Դատի յանձնախումբին՝ յոյսեր տալով, որ խնդիրը լուծում կը ստանայ Կլէնտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի եւ վաւերագրական ժապաւէնի արտադրիչներուն հետ հանդիպում ունենալէ ետք, սակայն ան հրաժարեցաւ տեսակցիլ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ։
Քանի մը օր անց, Ճէքի Լեւի աւելի կոշտ նամակ մը յղեց վաւերագրական ժապաւէնի արտադրիչներուն, անգամ մը եւս յայտարարելով, որ «Ամերիքանա»ն կը մերժէ գովազդը, քանի որ առեւտուրի կեդրոնը այն մարդոց համար է, «որոնք կրնան հաւաքուիլ եւ վայելել միասին… այդ պատճառով ալ մենք քաղաքական հարցերու վերաբերեալ ծանուցումները արգիլող քաղաքականութիւն հաստատած ենք…»: Այնուհետեւ ան առաջարկեց տեսակցութիւն ունենալ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ եւ փափաք յայտնեց՝ «վերահաստատել մեր վաղեմի աջակցութիւնը հայ համայնքին…», ինչ որ բացարձակ սուտ է: «Ամերիքանա»ն բազմաթիւ անգամ հակահայ դիրքորոշում դրսեւորած է, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով, երբ երեք տարի առաջ արգիլեց Ցեղասպանութեան նիւթով շապիկներու վաճառքը:
Այնուհետեւ, Ճէքի Լեւի կատարեց աւելի վիրաւորական արտայայտութիւն մը՝ յայտնելով. «Մենք դիտողութիւններ ստացած ենք հայ համայնքէն եւ Թուրքիոյ հիւպատոսութենէն»: Պէտք է հարցնել Լեւիի, թէ սովորաբար քանի՞ թուրք յաճախորդ կ՛այցելէ «Ամերիքանա», Կլէնտէյլի 100 հազար հայերուն դիմաց: Աւելի՛ն. ան ինչո՞ւ թոյլ կու տայ, որ օտարերկրեայ բռնապետական վարչակարգի հիւպատոսութիւնը միջամտէ «Ամերիքանա»ի եւ տեղւոյն համայնքի որոշումներուն: Այդպիսով անիկա Ցեղասպանութեան զոհերը՝ հայերը, կը հաւասարեցնէ անոնց, որոնց նախնիները իրականացուցած են նման նողկալի, զանգուածային յանցանքներ…
«Ամերիքանա»ի վրայ նոյն ժամանակ ճնշում գործադրեցին ամերիկեան պատկերասփիւռի կայանները, որոնք ուղղակիօրէն կը սփռէին հայերու բողոքի ցոյցերը՝ առեւտուրի կեդրոնին դէմ:
Աւելի քան 20 ելոյթ ունեցողներ եղան, հայ եւ օտար, ներառեալ՝ տողերուս հեղինակը, որոնք բոլորը Օգոստոս 15ին դիմեցին Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդին՝ իրենց վրդովումը արտայայտելով Ճէքի Լեւիի անզգայ նամակին առիթով: Վերջաւորութեան, քաղաքապետական խորհուրդի բոլոր հինգ անդամներն ալ իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին «Ամերիքանա»ի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան յայտարարութեան մերժման առիթով եւ յանձն առին տեսակցիլ առեւտուրի կեդրոնի ղեկավարութեան հետ՝ վերջինիս դիրքորոշումը կարենալ փոխելու համար անհրաժեշտ ճնշումը գործադրելու նպատակով:
Վերջապէս, Օգոստոս 17ին, «Ամերիքանա»ի ղեկավարները անգամ մը եւս փոխեցին իրենց դիրքորոշումը՝ այդ մասին յայտարարելով Հայ Դատի յանձնախումբի մամլոյ ասուլիսէն քիչ առաջ, երբ կը նախատեսուէր պոյքոթ յայտարարել «Ամերիքանա»ի դէմ՝ տեղւոյն հայ համայնքին անունով: Ճէքի Լեւի յայտարարեց, որ «Ամերիքանա»ն «հիմա համաձայն է ցուցադրելու գովազդը՝ «արտադրիչներուն համար անվճար»:
«Ամերիքանա»ի՝ աւելի կանուխ դրսեւորած բացասական որոշումը Լեւի արդարացուց՝ իբրեւ մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ իրենց դիրքորոշման մէջ ի յայտ եկած «թիւրիմացութիւն»՝ աւելցնելով. «…Որուն համար ներողութիւն կը խնդրենք: Մենք միշտ դատապարտած ենք բռնութեան եւ վայրագութիւններու բոլոր դրսեւորումները ամբողջ աշխարհի մէջ, այդ շարքին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ իր ազդեցութիւնը թողած է մեր համայնքի հայ բնակչութեան կեանքին վրայ»:
Ի պատասխան՝ Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարեց, որ ինք «Ամերիքանա»ի դիրքորոշման փոփոխութիւնը կը համարէ «նախնական դրական քայլ»: Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ յայտարարեց, որ առեւտուրի կեդրոնը «պէտք է ցոյց տայ իր գործակցական քաղաքացիութիւնը»։
«Պէտք է հետամուտ ըլլայ համայնքին հետ յարաբերութիւններու հաստատման, ինչ որ յստակօրէն ցոյց կու տայ անոր հասկացողութիւնն ու հոգատարութիւնը՝ համայնքին եւ մեր քաղաքին նկատմամբ: Յառաջիկայ շաբաթներուն մենք հանդիպում կ՛ակնկալենք Ռիք Քարուսոյի («Ամերիքանա»ի սեփականատէրը) եւ անոր կառավարման խումբին հետ՝ յստակ կերպով քննարկելու համար, թէ ինչպէ՛ս կրնանք աւելի լաւ յարաբերութիւններ եւ կապեր հաստատել համայնքի, «Ամերիքանա»ի եւ Քարուսոյի միջեւ, ինչ որ պիտի յանգեցնէ իրական, կառուցողական եւ լուրջ ու երկարաժամկէտ յարաբերութիւններու ստեղծման», յայտարարեց Հայ Դատի յանձնախումբը։
Հաշուի առնելով «Ամերիքանա»ի ղեկավարներուն հակասական յայտարարութիւնները վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին, հայ համայնքը ի սպառ կորսնցուցած է հաւատքը անոնց խոստումներուն նկատմամբ: Քարուսօն՝ «Ամերիքանա»ի սեփականատէրը, ոչ միայն պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ առեւտուրի կեդրոնի յարաբերութիւնները տեղական հայ համայնքին հետ, այլ որոշէ, թէ արդեօք անոր ղեկավարներէն քանի մը հատը տակաւին պէ՞տք է շարունակեն աշխատիլ իրեն համար՝ հաշուի առնելով անոնց ոչ արհեստավարժ վարքագիծը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ