ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Օգոստոս 24ին հրապարակուած յայտարարութեամբ մը խստօրէն դատապարտեց ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի ժամանակաւոր համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտի՝ Արցախի տագնապին մասին կատարած յայտարարութիւնը, զայն «բացարձակապէս անընդունելի» համարելով:
Օգոստոս 28ին իր պաշտօնէն հեռացող Հոկլընտ, Օգոստոս 23ին ներկայացուցած էր Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ «հիմնական» վեց կէտեր, որոնցմէ մէկուն մէջ կը պնդուի, թէ «Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ գրաւեալ տարածքները պէտք է յանձնուին Ատրպէյճանին»։
«Իր այս քայլով, (ամերիկեան) վարչակազմը կը ներկայացնէ Արցախի ոչնչացման անպատասխանատու առաջարկ մը եւս՝ կարծելով, որ մենք ծանօթ չենք Հայաստանի պատմութեան, կամ՝ թէ մենք ամբողջական զօրակցութիւն պիտի չցուցաբերենք Արցախին եւ տեղեկութիւն չունինք մեր աշխարհաքաղաքական շահերուն մասին: Պարզ խօսքով՝ վարչակազմը կը կարծէ, թէ մենք տխմարնե՛ր ենք: Բացարձակապէս անընդունելի է այս առաջարկը եւ դատապարտուած է ձախողութեան», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան: Ան աւելցուց, թէ Հոկլընտի յայտարարութիւնը կը քաջալերէ «աստիճանաբար աւելի վայրագ դարձող Ատրպէյճանը»՝ անտեղի կերպով նոր սպառնալիքներ ստեղծելով Արցախի եւ անոր ժողովուրդին համար։
«Դժբախտաբար, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի նոր համանախագահ Էնտրու Շոֆըրին իրաւասութիւններ տրամադրելու փոխարէն, վարչակազմը առաջին իսկ առիթով ծանր կացութեան մը առջեւ դրաւ զայն՝ ներկայացնելով խեղաթիւրուած եւ կեղծ նախագիծ մը, որ յստակօրէն կը հակասէ ամերիկեան արժէքներուն, վնաս կը հասցնէ ամերիկեան ազգային շահերուն եւ խաղաղութեան ու ժողովրդավարութեան հաստատման ջանքերուն», եզրակացուցած է Համբարեան:
Այս մասին Համբարեանի ելոյթը կարելի է դիտել՝ www.youtube.com/watch?v=qEJa5aq4ek4 կայքէջին վրայ։