Անգարացի կաթողիկէ հայու մը՝ Սիմոն Առաքելեանի, «Անգարայի Դէպքը. Աքսորականի Յուշերս» գիրքը կը պարունակէ 1915ի տարագրութիւնն ու կոտորածները վերապրած հեղինակին 122օրեայ սարսափելի ուղեւորութեան ժամանակագրութիւնը: Գիրքը, որ առաջին անգամ հայատառ թրքերէնով հրատարակուած է 1921ին եւ այժմ ընթերցողին կը ներկայանայ լատինատառ, ամբողջ մերկութեամբ ու ճշմարտութեամբ մէջտեղ կը դնէ Ռեժիի մէջ պաշտօնավարող Առաքելեանի ու իր շրջապատի մարդոց հետ պատահած դէպքերը:
Ըստ Առաքելեանի պատումին՝ 1915ի ամրան, մինչ կը կոտորուէին անգարացի առաքելական հայերը, կաթողիկէ հայերն ալ կը սպասէին, թէ երբ հերթը պիտի հասնի իրենց. վերջապէս անոնք ալ կը ձերբակալուին հաւաքաբար ու կը տարագրուին դէպի մահ՝ յարձակումներու, վատ վերաբերումի, սովի ու բնութեան վատ պայմաններու ուղեկցութեամբ:
Որպէս առաջին կայան որոշուած Տարսոնէն ետք, անոնք պիտի ուղեւորուէին դէպի Տէր Զօրի անապատները, ուր ողջ մնալու հաւանականութիւն գրեթէ չկար: Առաքելեան մէկ բան կը մտածէր. ի գին ամէն ինչի փախչիլ Տէր Զօրէն: Բախտը կը ժպտի իրեն: Փրկութեան պատմութիւնը, որ կ՛ընթերցուի մէկ շունչով, ան 1921ին կը հրատարակէ Պոլսոյ մէջ:
Առաքելեանի յուշագրութիւնը կը բացայայտէ կաթողիկէ հայոց, որոնք, ըստ պաշտօնական պատմագրութեան, տարագրութեան ու կոտորածի ենթարկուած չեն, 1915ի տարագրութեան պայմաններուն, գրաւեալ գոյքերուն, ինչպէս նաեւ 1917ի Անգարայի հրդեհին վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Գիրքին արժէքը այսքանով սահմանափակուած չէ սակայն. գրութիւնը ամբողջ մերկութեամբ կը պատմէ, թէ շարքային օսմանեան հայ մը այդ օրերուն ինչ կը զգար, ինչպէս կը մեկնաբանէր իրեն պատահածները, կը ներկայացնէ անոր ներքին հաշուետուութիւնը: Գրութիւնը իւրայատուկ է, որովհետեւ Աղէտի ընդմէջէն ուղղակիօրէն ու առանց միջնորդի հասանելի կը դարձնէ անհատի մը պատմութիւնը: Երկը պատրաստուած է խմբագրութեամբ Մուրատ Ճանքարայի, որ օսմաներէն բնագիրը վերածած է ժամանակակից թրքերէնի: Խմբագիրը արաբատառ օսմաներէնը տառադարձած է նաեւ լատինատառի, ինչ որ առիթ կու տայ նաեւ բնագիրով ընթերցելու Առաքելեանի նուրբ օսմաներէնով գրուած նախադասութիւնները:
ՍԻՄՈՆ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ
Շատ քիչ բան յայտնի է Սիմոն Առաքելեանի մասին, որ ծնած ու մեծցած է Անգարա: 1922էն ետք գաղթած է Ֆրանսա, որուն քաղաքացին դարձաւ 1939ին եւ նոյն տարին ալ մեռաւ: Ռեժիի պաշտօնեայ էր: Ամուսնացած էր եւ հայր դուստրի մը: Մօրեղբօր անունն էր Օննիկ Գասպարեան: Մայրենին խիստ հաւանաբար թրքերէնն էր: Շատ լաւ գիտէր ֆրանսերէն, օսմաներէն ու հայերէն: 1918ին կնքուած զինադադարի համաձայնագիրէն ետք, հայերու դէմ կատարուած բռնութիւններու մասին հետաքննութեան ժամանակ ցուցմունքներ տուած է: «Էնքերէ Վուքուա»չը իր առաջին ու միակ գործն է: