ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Օգոստոս 28ին ընդունեց պաշտօնական այցով Արցախ ժամանած Աբխազիոյ Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Տաուր Քովէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան «չճանաչուածութեան կամ մասնակի ճանաչուածութեան պայմաններում այլ երկրների հետ շփումների, տարածաշրջանային զարգացումների վերաբերեալ» հարցեր:
Նոյն օրը Աբխազիոյ պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին երկու պետութիւններու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու համագործակցութեան զարգացման ուղղուած ձեռնարկուելիք քայլերը:
Հանդիպման աւարտին ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր: