Պոլսահայ լրագրող Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս կը փոխանցէ հետեւեալը.
«Ալէն Պէրպէրեան իր 63 տարեկան հասակին մահկանացուն կնքեց Փարիզի մէջ: Ան անմոռանալի էր «Վախերու Գիւղը» (La Cite de la Peur) եւ «Ոչինչները» (Les Nuls) ֆիլմերով: Ան ծնած էր Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ, 1953ին: Հայրը հայ էր, մայրը՝ յոյն: Իր եղբայրը՝ Շարլ յայտնի արուեստագէտ էր։
Աւարտելէ ետք սինեմաթոկրաֆիի մասին մասնագիտութիւնը՝ Ալէն Պէրպէրեան յաջողած էր ընդունուիլ Ֆրնասայի նշանաւոր Canal+ TV կայանը: Այնտեղ ծանօթութիւններ ունեցած էր եւ սկսած էր արդէն իսկ նկարելու երգիծական ֆիլմեր, որոնք մեծ յաջողութիւն գտած էին: «Le Boulet» (համաբեմադրուած էր Ֆրետերիք Ֆորեսթիէի հետ), «L’Enquete corse», «L’ile aux tresors» եւ «Les Nuls» խորագիրը կրող ժապաւէնները մեծ յաջողութիւն գտած էին: