ԵՐԵՒԱՆ, «Առաuօտ».- Օգոստոս 29ին, բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան իր գրասենեակին մէջ հանդիպեցաւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզի հետ: Հանդիպման մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան տնտեսական եւ առեւտրական, բնապահպանական հարցերով պատասխանատուները, Հայաստանի բնապահպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու համապատասխան ստորաբաժանումներու ղեկավարները:
Ողջունելով հիւրերը՝ նախարար Մինասեան շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ու դեսպանութեան՝ բնապահպանական հարցերու լուծման գործին շարունակական օժանդակութեան եւ մեծածաւալ աջակցութեան համար: Արծուիկ Մինասեան ներկայացուց վերջին շրջանին անտառային հրդեհներուն հետ կապուած իրավիճակը, անդրադարձաւ ձեռնարկուող ու կանխարգելիչ ամէնօրեայ միջոցառումներուն, մանրամասնութեամբ ներկայացուց նախարարութենէն ներս բարեփոխումներու իրականացման ընթացքը:
«Մէկ անգամ եւս արձանագրենք ԱՄՆ կառավարութեան եւ Ամերիկայի ողջ ժողովրդի աջակցութիւնը մեր երկրի բնապահպանութեան ոլորտում: Որպէս ոլորտի պատասխանատու, ես բարձր եմ գնահատում այն օժանդակութիւնը, որ այս տարիների ընթացքում ցուցաբերուել է մեր երկրին: Այդ աջակցութեան շնորհիւ է, որ մենք բազմաթիւ ուղղութիւններով ունենք առաջընթաց: Պարոն դեսպանի հետ մեր նախորդ հանդիպումներում մենք բազմիցս շեշտել ենք, որ մեր երկրի առաջ ծառացած մի շարք մարտահրաւէրներ հէնց ուղղակիօրէն կապուած են շրջակայ միջավայրի հետ», նշեց Մինասեան:
Ընդգծելով կարեւորութիւնը միջազգային հանրութեան մասնակցութեան՝ Խոսրովի Անտառի պահպանութեան գործին մէջ, նախարարը առանձնաբար մատնանշեց Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան օժանդակութիւնը այրած անտառային տարածքներու վերականգնման եւ անտառային հրդեհներու դէմ պայքարի հարցին ուղղութեամբ: Նախարարը կարեւոր նկատեց բարձր որակի արբանեակային լուսանկարներու, արագ արձագանգման խումբերու ստեղծման, հրդեհներու կանխարգիլման եղանակներու, փորձագիտական խորհրդատուութիւններու անհրաժեշտութիւնը:
Դեսպան Միլզ շնորհակալութիւն յայտնեց բաւական ամփոփ տեղեկատուութեան համար, ողջունեց իրականացուող բարեփոխումները ու հասարակութեան վստահութեան մեծացման ուղղուած քայլերը: Դեսպանը տեղեկացուց, որ յաջորդ շաբաթ Հայաստան պիտի ժամանէ Միացեալ Նահանգներու անտառային ծառայութեան Այրած տարածքներու արտակարգ իրավիճակներու վերականգնման խումբը, որ համապատասխան օժանդակութիւն պիտի ցուցաբերէ նախարարութեան եւ Խոսրովի Անտառի աշխատակիցներուն:
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ նաեւ նախարարութեան հրդեհներու կանխարգիլման կարողութիւններու հզօրացման նպատակով Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին եւս մէկ փորձագիտական խումբ հրաւիրելու մասին:
«Խոսրովի աղէտալի հրդեհէն ետք Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը Հայաստանի կառավարութեան եւ ժողովուրդի կողքին է: Անտառային հրդեհները Միացեալ Նահանգներու մէջ, Հայաստանի մէջ, թէ այլուր սպառնալիք են շրջակայ միջավայրին, բնակավայրերու եւ համայնքներու համար: Միացեալ Նահանգները հպարտ է, որ կը համագործակցի եւ կ՛աջակցի Հայաստանին՝ հրդեհի հետեւանքներու վերացման եւ նման բնական աղէտներու հետ կապուած ծրագրաւորման աշխատանքներու շուրջ: Բնապահպանութեան նախարարութեան հետ մենք նաեւ շարունակաբար կ՛աշխատինք բնապահպանական հարցերու եւ ջուրի պաշարներու արդիւնաւէտ կառավարման հարցերուն շուրջ», իր խօսքին մէջ նշեց դեսպան Միլզ: