ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, սուրբերու յիշատակին կատարուող ուխտագնացութիւնները կը ձգտին զօրացնել հաւատացեալները իրենց հաւատքին եւ եկեղեցւոյ կապուածութեան մէջ ու պահպանել կրօնական աւանդոյթները:
Այս առումով, Բերիոյ Հայոց թեմին մէջ ամէնամեայ ուխտագնացութիւններ կը կազմակերպուին դէպի Սուրիոյ հայկական սրբավայրեր:
Վերջին 6 տարիներուն, Սուրիոյ պատերազմին բերումով, սուրիահայութիւնը զրկուեցաւ Եագուպիէի մէջ Ս. Աննայի տօնը յիշատակելու կարելիութենէն:
Առաջնորդ սրբազան հօր տնօրինումով, սակայն, այս տօնը վերջին քանի մը տարիներուն յիշատակուելու սկսաւ Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ:
Շաբաթ, 26 Օգոստոսին, Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակամուտքի ժամերգութենէն ետք տեղի ունեցաւ աղօրհնէք եւ ոչխարներու զենում: Այնուհետեւ եկեղեցւոյ թաղականութիւնն ու եագուպիահայ երիտասարդներ մինչեւ առաւօտ պատրաստեցին աւանդական հարիսան:
Կիրակի, 27 Օգոստոսին, հալէպահայ հաւատացեալներու կողքին, հայաշատ Եագուպիէէն ժամանակաւորապէս Հալէպ տեղափոխուած ազգակիցներ եւս ներկայ գտնուեցան առաւօտեան մատուցուող Ս. եւ անմահ պատարագին, որուն ընթացքին Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան պատգամը տուաւ:
Ապա եկեղեցականաց թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք ու հաւատացեալներուն բաշխուեցաւ օրհնուած մատաղապուրը: