ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Օգոստոսի վերջին օրն է այսօր, եւ ժամանակն է յայտարարելու եզրափակումը «Ասպարէզ»ի 109րդ տարեդարձի առթիւ ձեռնարկուած եւ քիչ մը տարօրինակ հնչող «թերթաթոն»ին՝ հանգանակային արշաւին: Չորեքշաբթի կէսօրուան դրութեամբ, մեր արշաւի արձագանգողներուն նուիրատուութիւններով ապահովեցինք 66,568 տոլար: Շա՞տ է, քի՞չ է… Դո՛ւք կատարեցէք գնահատումը: Մենք գո՛հ ենք արդիւնքէն, անդրադարձէն, նուիրատուներու վերաբերմունքէն:
21օրեայ հանգանակային արշաւին ընթացքին, մենք կրկնեցինք մեր յանձնառութիւնը՝ հայկական իրականութեան (Հայաստան եւ Սփիւռք) մասին կարելի եղած ամբողջական իրազեկութիւն ապահովելու մեր ընթերցողներուն, միեւնոյն ատեն՝ հայկական քաղաքական մտածողութեան վերլուծական արտադրանքին բերել մեր ներդրումը, նաեւ՝ զայն հաւաքել ու տարածել թերթով ու առցանց: Անշո՛ւշտ, կը մնանք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու կազմակերպութեան պաշտօնական խօսափողը:
Իրենց նուէրներով «Ասպարէզ»ի տարեդարձը կը շնորհաւորեն՝
Համլէթ Չրախճեան՝ 1000 տոլար
Րաֆֆի Ուրֆալեան՝ 500 տոլար
Րաֆֆի Տուտագլեան՝ 300 տոլար (Երեւանէն կը խմէ «Ասպարէզ»ի կենացը)
Եոզկաթի Չաքրեան Ընտանիքներ՝ 250 տոլար
Արսէն եւ Սիրուն Տարագճեան՝ 200 տոլար
Նազարէթ եւ Սօսի Քիւրտօղլեան եւ զաւակը՝ Հրակ՝ 110 տոլար
109 տոլար կը նուիրեն՝
Տոքթ. Ռաֆֆի եւ Թամար Չալեան
Տոքթ. Արմէն եւ տոքթ. Ժուլիանա Չալեան
Ատրուշան եւ Նորա Արմէնեան
Անդրանիկ եւ Սօսի Գասպարեան
Վարդգէս Գասապեան
Ճորճ Մարտոյեան
Յովիկ եւ Սեդա Աղայեան
Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճար
Գրիգոր Սէրայտարեան
Աբօ եւ Անի Պողիկեան
Աստղիկ Անտոնեան՝ 100 տոլար:
Շնորհակալութի՛ւն բոլոր նուիրատուներուն, բոլոր հեռաձայնողներուն, բոլոր բարեմաղթանքներուն: Վստահ ենք, որ անոնք, որոնք հնարաւորութիւնը ունէին, մասնակցեցա՛ն այս արշաւին, կամ՝ «Ասպարէզ»ին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու առիթը դեռ կը մտածեն գտնել: Ուշացած նուիրատուութիւնները պիտի յայտարարենք նոյն կարգով՝ առաջին էջով:
Առ ի տեղեկութիւն, Հոկտեմբեր 19ին, «Ֆինիշիա» ճաշարանին մէջ մեկնարկը պիտի յայտարարենք «Ասպարէզ»ի 110ամեակի յոբելենական ձեռնարկներուն: