ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Չորեքշաբթի, 30 Օգոստոսին, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց փաստահաւաք առաքելութեամբ Արցախ ժամանած Գանատայի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը՝ «Մէկ ազատ աշխարհ» կազմակերպութեան ղեկավար Մաճետ էլ Շաֆիի գլխաւորութեամբ:
Պատուիրակութեան անդամները նշեցին, որ Արցախ ժամանած են 2016 Ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սանձազերծուած լայնածաւալ ռազմական յարձակումին ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումները եւ ռազմական յանցագործութիւնները ուսումնասիրելու նպատակով:
Կարէն Միրզոյեան ողջունեց պատուիրակութեան անդամներուն այդ նախաձեռնութիւնը եւ ընդգծեց ատրպէյճանական յարձակումի պատճառներու եւ հետեւանքներու մասին միջազգային հանրութեան իրազեկման եւ պատասխանատուներու դատապարտման կարեւորութիւնը՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն յանցաւոր գործունէութիւնը սանձելու նպատակով:
Հանդիպման ընթացքին Կարէն Միրզոյեան գանատական պատուիրակութեան անդամներուն ներկայացուց ապրիլեան պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ իրագործուած յանցագործութիւններուն վերաբերեալ փաստերը:
Հանդիպման ներկայ էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ԱԺի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի անդամ Կարինէ Աճէմեան: