ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի Օգոստոս 31ին Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ պէտք է ամրապնդել թուրք-իրանեան գործակցութիւնն ու համակարգումը, շրջանի շարք մը տագնապներուն լուծում ապահովելու համար։
«Շրջանին նուրբ կացութիւնը Իրանէն ու Թուրքիայէն կը պահանջէ, որ անոնք շրջանի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը ապահովելու նպատակով՝ նախկինէն աւելի սերտ կերպով գործակցին», ընդգծած է Ռոհանի:
Ան նաեւ շեշտած է, թէ որոշ ուժեր կը փորձեն իրենց կարծիքը պարտադրել՝ ի վնաս շրջանի ժողովուրդներուն: «Մասնատում կատարելու ոմանց հակումները եւ Ծոցի շրջանի խնդիրները՝ ի շահ շրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան չե՛ն», նշած է Ռոհանի։
Իր կարգին, Էրտողան յայտնած է. «Թուրք-իրանեան համակարգումն ու գործակցութեան ամրապնդումը կենսական են ու կարեւոր՝ շրջանի խնդիրներու լուծման համար»։ Ան նաեւ ընդգծած է, թէ Թուրքիա վճռած է Իրանի հետ քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները զարգացնել: