«Արմինիըն Ուիքլի»ն կը տեղեկացնէ, թէ հայ ոսկերիչ Պետրոս Սեւաճեանի պատրաստած ոսկեայ սկուտեղը ցուցադրուած է Պեքինկհեմ պալատին մէջ:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են երկարամեայ իր կառավարման տարիներուն ամբողջ աշխարհէն թագուհի Էլիզապէթ Բ.ի ստացած նուէրները։
Եթովպիոյ վեջին կայսր Հայլէ Սելասիէ Ա.ը 1965ին թագուհիին Եթովպիա այցելութեան ընթացքին անոր նուիրած էր Պետրոս Սեւաճեանի պատրաստած սկուտեղը:
Ոսկերիչ Պետրոս Սեւաճեան եղած է Հայլէ Սելասիէ կայսեր պալատին մէջ ոսկերչական իրերու մատակարարը մինչեւ 1974՝ երկրին մէջ տեղի ունեցած պետական յեղաշրջումը: