ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայաստանէն «Reincarnation Band»ը (Վերածնունդ) նուագախումբը յառաջիկայ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16ին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ անվճար համերգ մը պիտի տայ Լոս Անճելըսի մէջ։
Լոս Անճելըսի մէջ խումբին առաջինը հանդիսացող այս ելոյթը պիտի կայանայ «Կրիֆի»չ հանրապարտէզի դաշտահանդէսներու յատկացուած տարածքին մէջ, որուն հասցէն է՝ 4730 Crystal Springs Dr., Los Angeles, CA 90027)։
Ելոյթէն առաջ, կ.ե. ժամը 3էն սկսեալ, ծրագրուած են խաղեր եւ այլ միջոցառումներ։ Գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանի երաժշտանոցներուն։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (714) 300-7005 թիւին, կամ այցելել www.facebook.com/events/236269966895206 կայքէջը։