ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, Օգոստոս 27ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկի (ABMDR) տարեկան 18րդ «Արշաւ՝ կեանքի համար» ձեռնարկը։ «Տաղլեան» մշակութային կեդրոնի սրահին մէջ կայացած տօնակատարութեան ներկայ էին աւելի քան 300 համակիրներ, իսկ անոր գլխաւոր հովանաւորն էր Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» բժշկական կեդրոնը:
Սրահի մուտքին տեղի ունեցած ընկերային հաճելի պահէ մը ետք, ներկաները մուտք գործեցին սրահ, ուր իրագործուեցաւ տարեկան ձեռնարկը, որ առիթ մըն էր հիմնարկի հարիւրաւոր համակիրներուն հետ համատեղ տօնելու վերջին մէկ տարուան ընթացքին կեանքեր փրկելու գծով արձանագրուած իրագործումները։ Այս տարի եւս մեծարուեցան անհատներ եւ կազմակերպութիւններ, որոնք անձնուիրաբար եւ առատաձեռնօրէն նպաստած են հիմնարկի աշխատանքին։
Երեկոյի հանդիսավարն էր հիմնարկի երկարամեայ համակիրներէն եւ Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութեան նախկին նախագահ տոքթ. Վիգէն Սեփիլեան, որ նշեց, թէ երեկոն մարմնացումն է «առատաձեռնութեան», ապա ներկայացուց օրուան պաշտօնական հիւրերը եւ առողջապահական մարզի հաստատութեանց ներկայացուցիչները, ներառեալ՝ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆը, քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի ներկայացուցիչ Մերի Չաքըրեանը, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօն, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Լորա Ֆրիտմընը, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Վարդան Կարապետեանն (քաղաքապետ) ու Վրէժ Աղաճանեանը, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի 5րդ ընտրատարածքի հանրային ապահովական հարցերու պետի տեղակալ Կրեկ Մարթայեանը, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը, նախկին առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեանն ու առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեանը։
Օրհնութեան աղօթքը կատարեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, որ դրուատեց «Աստուծոյ եւ մարդկութեան միջեւ կամուրջ» հանդիսացող սոյն հիմնարկին աստուածահաճոյ գործունէութիւնը։
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, որ ողջունեց հիմնարկի նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի ու անոր գործակիցներուն, կամաւորներուն եւ ոսկրածուծի նուիրատուներուն ամբողջական նուիրումը՝ այս բարեսիրական նախաձեռնութեան։
Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան նաեւ ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի Սոնա Աշճեանն ու համաատենապետուհի Էյմի Պոյաճեանը, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով ձեռնարկի գլխաւոր հովանաւոր՝ Կլենտէյլի «Էտվենթիս»չ բժշկական կեդրոնին, ինչպէս նաեւ՝ հիմնարկի երկարամեայ հովանաւորներ՝ «Միշըն Ուայն էնտ Սփիրիթս» հաստատութենէն տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Սալբի Մանկրեաններուն ու «Ամերիքըն Թայըր Տիփօ»էն տէր եւ տիկին Արա եւ Ալին Չաղլասեաններուն:
Ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսը՝ հիմնարկի նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն, իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ հիմնարկին երկու գլխաւոր սիւներն են անոր անձնուէր կամաւորներու աշխատանքն ու առատաձեռն հովանաւորներուն ցուցաբերած շարունակական նուիրումը։ Ան նաեւ նշեց նախորդ տարուան ընթացքին արձանագրուած իրագործումները, որոնց շարքին էին Լոս Անճելըսի մէջ քաղցկեղի նուիրուած գիտաժողովը, արժանթինահայութեան միացումով՝ հիմնարկի գործունէութեան դաշտը 30 երկիրներու հասցնելը, ոսկրածուծի 30րդ պատուաստումին իրականացումը եւ մանաւանդ՝ Հայաստանի մէջ ոսկրածուծի պատուաստումի կեդրոնին բացումը։
Իր խօսքի աւարտին, տոքթ. Ճորտըն յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնարկի երկարամեայ աջակիցներէն՝ տոքթ. Նուպար Պօղոսեանին, որ վերջերս նաեւ հիմնարկի վարչութեան անդամ եղաւ։
Ապա, բեմին վրայ տոքթ. Ճորտընին միացան Սոնա Աշճեանն ու Էյմի Պոյաճեանը, որոնք մեծարեցին հետեւեալները.
– Ամելիա Կիւրեղլեան՝ «Կեանքի մը Իրագործում»
– Ռապըրթ Պարսամ՝ «Տարուան Մարդը»
– Ռամելլա Մարգարեան՝ «Տարուան Կինը»
– Ալեքօ Պօղոսխանեան, Նայիրի Գրաւեան եւ Արփինէ Զոհրապեան՝ «Տարուան Կամաւոր»ներ
– «Փրովիտընս» երկրորդական վարժարանը՝ «Տարուան Կազմակերպութիւն»ը (մրցանակը յանձնուեցաւ վարժարանի տնօրէն Էլիսըն Քասթրոյին)
– «Ամերիքըն Թայըր Տիփօ»ն՝ «Տարուան Հաստատութիւն»ը (մրցանակը յանձնուեցաւ հաստատութեան տնօրէն Արա Չաղլասեանին)։
Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին, մէջ առ մէջ ցուցադրուեցաւ Երեւանի ոսկրածուծի կեդրոնի բացման եւ հոն տեղի ունեցած 30րդ պատուաստումին (Արցախի ազատամարտիկներէն մէկուն) մասին տեսանիւթ մը, ինչպէս նաեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, զոր մատուցեց «Էլըն Ճի.» երաժշտական համոյթը:
Հիմնարկին եւ անոր գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, դիմել (323) 663-3609 թիւին, կամ այցելել www.abmdr.org կայքը:
Լուսանկարները՝ ՇԱՀԷ ՄԵԼԵԼԵԱՆի