ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Երկուշաբթի, 11 Սեպտեմբերին, Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Շուշի. 48 ժամ» եռալեզու պատկերագիրքի շնորհահանդէսը: Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սպարտակ Ղարաբաղցեան յայտնեց, որ գիրքը ստեղծուած է Յունիս 2017ին մեկնարկած Համազգայինի լուսանկարչական նախագիծի արդիւնքով, որ նուիրուած էր Շուշիի ազատագրման 25ամեակին:
Նախաձեռնութեան նպատակն էր 48 ժամուան մէջ ցոյց տալ Շուշիի քաղաքային կեանքի բազմազանութիւնը՝ երիտասարդ լուսանկարիչներու աչքերով:
«Շուշին մեր Երուսաղէմն է. ամէն հայ պարտաւոր է թէկուզ երկու օր՝ «48 ժամ» ապրիլ այնտեղ», կ՛ըսէ Ս. Ղարաբաղցեան՝ աւելցնելով, որ Շուշիի վերականգնումը մշակութային վերընձիւղման ամենամեծ վկայութիւնն է:
«Շուշի. 48 ժամ» նախագիծը իրականացած է նաեւ վաւերագրող լուսանկարիչ, վաւերագրական լուսանկարչութեան համար «Ֆիֆթի Քրազ» միջազգային հիմնադրամի մրցանակակիր Գերման Աւագեանի հետ գործակցաբար:
Նախագիծին մասնակից լուսանկարիչներուն մէջ կային սկսնակներ եւ փորձառուներ Արցախէն, Հայաստանէն եւ Վրաստանէն:
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան խորհուրդի անդամ, լրագրող, մեկնաբան Միքայէլ Հաճեան, խօսելով «Շուշի. 48 ժամ» ծրագիրին մասին՝ ըսաւ, որ պատկերագիրքը ուխտագնացութիւն է դէպի հայոց սուրբ-սրբոց քաղաքներէն մէկը՝ Շուշի, ու բոլոր անոնց համար, որոնք տարիներ ետք պիտի տեղեկանան, թէ 2017ի Յունիս 30ին եւ Յուլիս 1ին, 48 ժամուան ընթացքին ինչպիսին եղած է Շուշին:
Ըստ ծրագիրին մասնակից լուսանկարիչ, Վրաստանի մշակոյթի նախարարի նախկին տեղակալ Եուրի Մեճիտովի՝ Շուշին զարմանահրաշ քաղաք է, ուր ամէն օր նոր բացայայտումներ տեղի կ՛ունենան: «Պատկերագիրքին մէջ ներկայացուած լուսանկարները կատարուած են ազատ ոճով, եւ ամէն լուսանկարի համար կան մակագրութիւններ», յայտնեց Եուրի Մեճիտով:
Ձեռնարկին ընթացքին Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան կողմէ պարգեւատրուեցան լուսանկարիչներ Գերման Աւագեան եւ Եուրի Մեճիտով:
Շնորհահանդէսին ներկայ էին Արցախի մշակոյթի եւ եիտասարդութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Նարինէ Աղաբալեան, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Կարէն Միրզոյեան, կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզութեան նախարարի պաշտօնակատար Սլաւա Ասրեան, Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, պատգամաւորներ, Շուշիի քաղաքապետը եւ այլ հիւրեր: