ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Ասիկա կարծեմ իմ ամէնէն սուր եւ ամէնէն այժմէական գործս է», կ՛ըսէ Վահէ Պէրպէրեան իր նոր մենախօսութեան՝ «Ուրեմն»ին անդրադառնալով։ «Ատոր համար ալ խանդավառ եմ եւ հետաքրքրուած, թէ ժողովուրդը ինչպէ՛ս պիտի ընդունի կտորը», կ՛աւելցնէ ան:
«Ուրեմն»ը Պէրպէրեանի վեցերորդ մենախօսութիւնն է՝ «Եւայլն», «Նաեւ», «Տակաւին», «Սակայն» եւ «Եթէ» մենախօսութեանց շարքէն ետք: Ներկայացումները կը սկսին Սեպտեմբեր 17ին, Կլենտէյլի Glen Arden Club-ին մէջ. Պէրպէրեան ոգեւորուած է, որովհետեւ արդէն շուրջ չորս տարի անցած է իր վերջին մենախօսութենէն, եւ ան կարօտցած է Լոս Անճելըսի մէջ բեմ բարձրանալուն:
«Ամէնէն պահանջկոտ ժամանակը հիմա՛ է, երբ ստիպուած եմ կէս ժամ մը եւս կտրելու մենախօսութենէն, որպէսզի շատ երկար չըլլայ։ Նախկիններուն նման, այս գործս ալ երբ աւարտեցի, շուրջ երեք ժամ տեւողութիւն ունէր, բայց կամաց-կամաց կրճատելով՝ երկու ժամի հասցուցի: Հիմա, այդ վերջին կէս ժամն ալ պէտք է կտրեմ», կ՛ըսէ Պէրպէրեան:
Պէրպէրեան չ՛ուզեր «Ուրեմն»ի նիւթին մասին բացատրութիւններ տալ, բայց կը յայտնէ, թէ միւս մենախօսութիւններուն նման, ասիկա եւս կ՛անդրադառնայ զանազան ազդակներու, որոնք մեր կեանքը անհեթեթ կը դարձնեն, ապա գողտրիկ ժպիտով մը կը վստահեցնէ, թէ հանդիսատեսը կուշտուկուռ խնդալու բաւական առիթ պիտի ունենայ:
Քրիսթինա Շիրինեան, որ տարիներէ ի վեր կ՛արտադրէ Պէրպէրեանի ներկայացումները, կը յայտնէ, թէ անհամբեր կը սպասէր, որ արուեստագէտը աւարտէ իր շրջապտոյտները, որպէսզի կարենայ իր նոր մենախօսութեան վրայ կեդրոնանալ: Շիրինեան կ՛ըսէ նաեւ, թէ խանդավառ է, որովհետեւ Պէրպէրեանի ելոյթները արուեստի ո՛ր ոլորտին ալ պատկանին՝ մի՛շտ ոգեւորութիւն կը ստեղծեն գաղութէն ներս: «Այս անգամ սրահը շատ աւելի մեծ է, պայմանները շատ աւելի հանգիստ են, հանդիսատեսները կրնան կանուխ գալ եւ սրահին շատ գեղեցիկ «պառ»էն խմիչք մը առնել, կամ՝ դուրսի մասը սիկառ մը ծխել եւ հաճելի ժամանակ անցընել», կը յայտնէ Շիրինեան։
Ներկայացումներու թուականներն են՝ Սեպտեմբեր 17, 24 եւ Հոկտեմբեր 1, 7, 8:
«Պառ»ը միշտ բաց է, եւ կարելի է որեւէ ժամանակ գալ, իսկ ներկայացումները կը սկսին ժամը 8ին: Տոմսերը 40 տոլար են եւ թուագրուած չե՛ն, այսինքն՝ կանուխ ժամանողը կ՛ապահովէ իր տեղը:
Glen Arden Club-ի հասցէն է՝ 357 Arden Ave, Glendale, CA 91203։
Տոմսեր ապահովելու համար, կարելի է դիմել (818) 299-1154 թիւին, կամ այցելել www.itsmyseat.com/ooremn կայքէջը։