ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Սեպտեմբեր 11-14ին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ուտեստեղէնի արտադրութեան տրամադրուած միջազգային փառատօն-վաճառքը՝ «WorldFood Moscow 2017» խորագիրով։ Հոն ներկայացուած էին արցախեան կարգ մը ապրանքատեսակներ:
Փառատօնին մասնակցութիւն բերին նաեւ Հայաստանէն սննդամթերքի ոլորտի ընկերութիւններ։ Հայաստանեան ընկերութիւնները հանդէս եկան միասնական ընդարձակ տաղաւարի մը մէջ՝ ներկայացնելով պտուղ, բանջարեղէն, ձկան ու միսի պահածոներ, պտուղի ջուրեր, օշարակներ, մեղր, չոր պտուղ, թէյ, ձուկ եւ միս։
Փառատօնի լաւագոյն տաղաւարի մրցանակին արժանացաւ Հայաստանի Զարգացման հիմնադրամի նախագահ Արմէն Աւագեան, որ ըսաւ, թէ այս նախաձեռնութեան նպատակն էր համաշխարհային շուկային ծանօթացնել հայկական արտադրութիւնները։
Փառատօնին ընթացքին, արցախեան ապրանքատեսակներուն նկատմամբ հետաքրքրութիւնը մեծ եղած է, եւ որոշ համաձայնագիրներ ստորագրուած են մեծաքանակ գնորդներու հետ, որոնք Մոսկուա եկած էին Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներէ, Չինաստանէն, Հնդկաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Գանատայէն: