ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Պատասխանելով «Ելք» դաշինքի խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի մէկ հարցումին՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան Սեպտեմբեր 13ին, խորհրդարանին մէջ հաստատեց, թէ Հայաստանի մէջ սկսած են արտադրուելու անօդաչու թռչող սարքեր:
Ան նաեւ նշեց, որ Հայաստան իր սարքերը կ՛արտադրէ սեփակա՛ն ճարտարագիտութեամբ եւ ոչ թէ այլոց յատակագիծերուն հիման վրայ: «Նրանք կատարել են եւ կը կատարեն մարտական առաջադրանքներ, եւ ժամանակի հետ՝ աւելի՛ լաւ», աւելցուցած է նախարարը: