ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քոչարեանի կողմէ զօրաւոր հակազդեցութեան արժանացաւ Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարարին յայտարարութիւնը, ուր վերջինս կը յայտնէր Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) հետ մաքսային համաձայնութիւն մը ստորագրելու առաջարկ ստացած ըլլալը, ընդունելով, որ անիկա չէր հակասեր Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հետ տնտեսական գործընկերութեան:
Հասկնալի են Հայաստանի մտավախութիւնները եւ՝ արդարացի՛: Ըստ թուրք նախարարին՝ Թուրքիոյ առաջարկուած է ԵՏՄի հետ գործընկերութիւն: Ո՞վ առաջարկած կրնայ ըլլալ, եթէ ոչ՝ առաջին հերթին՝ Ռուսիան եւ թերեւս ալ ԵՏՄի մնացեալ երկիրները, որոնք բացայայտ կերպով անտեսած են Հայաստանի իրաւասութիւնները, անտեսած՝ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ թշնամական յարաբերութիւնը, սահմանային շրջափակումը… Թէեւ ԵՏՄի կանոնադրութիւնը կը պահանջէ բոլոր պետութիւններու համամտութիւնը՝ նոր գործընկերութիւն ընդունելու համար, բայց ի՞նչ կշիռ ունի Հայաստանի ընդդիմութիւնը ԵՏՄի նման կառոյցի մը մէջ, որ ստեղծուած է Ռուսիոյ կողմէ նախկին սովետական երկիրներու վրայ գերակշռութիւն վերահաստատելու նպատակով: Նախապէս ալ, զանազան առիթներով, Ղազախստանը եւ Պելոռուսը անտեսած են ԵՏՄի կարգ ու կանոնը, եւ ի վնաս Հայաստանի՝ դիրքորոշումներ առած, թիկունք կանգնելով Ատրպէյճանի պահանջներուն:
Ո՛չ Եւրոպական Միութիւնը, ո՛չ ալ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները հակազդեցին Թուր-քիոյ յայտարարութեան: Բուն հարցումը այն է, թէ ի՛նչ շահ ունի Թուրքիան ԵՏՄի հետ մաքսային համաձայնագիրէ մը:
Առաջին ակնարկով կարելի է ըսել, որ Թուրքիոյ համար ԵՏՄի հետ մաքսային դաշինքը տնտեսապէս նոր առաւելութիւն մը չ՛ընձեռեր, որովհետեւ ԵՏՄի մէջ կը գերիշխէ անդամներուն՝ Ռուսիոյ հետ երկկողմ յարաբերութիւնները: Թուրքիա արդէն իսկ Ռուսիոյ հետ ունի առանձնաշնորհեալ տնտեսական յարաբերութիւններ, տնտեսական հսկայական ծրագիրներ՝ կազատարի եւ աթոմակայանի շինութիւն, ռազմական հրթիռային «S-400»ի վաճառք…: Նմանօրինակ մաքսային համաձայնութիւններ՝ առանց ԵՏՄի համաձայնագիրին ալ ան կրնայ կնքել Ղազախստանի ու նախկին սովետական թրքախօս եւ սլաւ երկիրներուն հետ:
Ուրեմն, ի՞նչ է Թուրքիոյ յետին մտադրութիւնը, եթէ ոչ՝ պարզապէս քաղաքական ճնշում բանեցնել Եւրոպական Միութեան եւ ԱՄՆի վրայ, իր պահանջներուն բաւարարութիւն տալու նպատակով, նկատի առած վերջին շրջանին անոր լարուած յարաբերութիւնները Արեւմուտքին հետ, ինչպէս՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ քիւրտ զինեալներու ռազմական օգնութիւնը, Էրտողանի վարչակարգի ընդդիմադիրներուն ապաստան տալը, ԵՄի անդամակցութեան կասեցումը… եւ այլն:
Մէկ խօսքով, Թուրքիան պէտք չունի ԵՏՄի տնտեսական գօտիին, ոչ ալ ԵՏՄն՝ Թուրքիոյ: Ուրեմն, ի՞նչն է, որ Ռուսիան մղած է Թուրքիոյ գործընկերութիւն առաջարկելու, եթէ ոչ՝ նոյնպէ՛ս քաղաքական դրդապատճառը, նկատի առած միջազգային հակառուս քաղաքականութիւնը, տնտեսական պատիժները…։ Ռազմավարական գետնի վրայ, Թուրքիոյ նման աշխարհաքաղաքական կարեւոր դիրք ունեցող դաշնակիցի մը գործընկերութեան նեցուկը՝ արեւմտեան երկիրներուն դէմ քաղաքական պայքար մղելու ազդո՛ւ միջոց է:
Թուրքիոյ ԵՏՄի հետ գործընկերութենէն Հայաստան եւս կրնար շահաբաժին ունենալ, եթէ տէր ըլլար սահմանը բանալ տալու ուժին, թուրքեւատրպէյճանական շրջափակման դաշինքը կոտրելու նպատակով: Սակայն, իրականութիւնը փաստա՛ծ է բարդ իրավիճակներու մէջ դիւանագիտութեան առաւելութիւն ձեռք ձգելու Թուրքիոյ բացառիկ հմտութիւնը: