ԱՐԱՐԱՏ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Սպանացիները հետաքրքրական խօսք մը ունին մեր մասին. «Հայերն ու պասքերը կը ծնին այնտեղ, ուր կը ցանկան»։ Այս միտքը ինծի կ՛ուղեկցէր, երբ կը ճանապարհորդէի եւրոպական փոքրիկ երկիր մը, որուն հայ համայնքին կողմէ հրաւէր ստացած էի գիրքս ներկայացնելու։
Լիւքսեմպուրկ… Ընդամէնը 2586 քառակուսի քմ. տարածք եւ 500,000 բնակչութիւն ունեցող այս դքսութեան մէջ, սակաւաթիւ ազգերու կողքին, նաեւ հայեր կ՛ապրին։ Մօտաւորապէս 100ի հասնող եւ արդէն լիովին հաստատուած հայ ազգաբնակչութեան գերնպատակներէն է հայկական օրինական միութեան եւ դպրոցի ստեղծումը, որ հայապահպանման գրաւականը պիտի ըլլայ յետագային։
Այս փոքրիկ, բայց անասելի գեղեցիկ եւրոպական անկիւնին մէջ արդէն իսկ ծնող ու մեծցող հայ երախաներու ուծացման դէմ պայքարն ու հայ ինքնութեան պահպանումը ստանձնած են անոնց ծնողները, որոնք ջանք չեն խնայեր, գոնէ առայժմ, տան մէջ հայերէնի գործածութեան ու հայեցի դաստիարակութեան համար։ Ըստ անոնց՝ հասունցած է հայկական մէկօրեայ դպրոցի մը բացման ժամանակը։
Այս ընդհանուր գաղափարին շուրջ միաւորուած հայրենակիցներուս ծանօթացայ Լիւքսեմպուրկ հաստատուած ընկերոջս՝ գործարար Ռոման Յարութիւնեանի միջոցով, որ գեղեցիկ ու ջերմ ընդունելութիւն մը կազմակերպած էր։ Իսկ ահա հայապահպանման դժուար, բայց եւ հաճելի գործը ստանձնած է Վահէ Առաքէլեան։
Հայապահպանման գաղափարով տոգորուած են նաեւ համայնքի միւս անդամները Արմէնը, Գարիկը, Ալիկը, Սիրանոյշը, Ռուբէնը, Էլէոնորան, Արտեոմը, Իրինան, Կապրիէլան եւ ուրիշներ։
Այս մտերմիկ մնթնոլորտին մէջ անցաւ գիրքիս շնորհահանդէսը, որ Լիւքսեմպուրկի նորաստեղծ հայ համայնքի անդրանիկ ձեռնարկներէն մէկն էր, որուն ընթացքին քննարկուեցան նաեւ միջհամայնքային եւ հայրենիք-Սփիւռք գործակցութիւնները։
Յիշեցնենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ոգեկոչումներ եղան նաեւ այս երկրին մէջ։ Յիշատակութեան արժանի է նաեւ դքսութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման փաստը։
Ուրեմն, բարի երթ մաղթենք Լիւքսեմպուրկի հայ համայնքին եւ այդ ճանապարհին բազում ու բազմաբովանդակ ազգանուէր ձեռնարկներ, ցրտաշունչ երկրի մը մէջ, ուր արդէն կը զգացուի հայկական ջերմ ու հիւրընկալ շունչը։
Վալենսիա (Սպանիա)