Երկուշաբթի, 18 Սեպտեմբերին, Թուրքիոյ տարածքին սկսաւ նոր ուսումնական տարին, իրենց աշխատանքին սկսան նաեւ Պոլսոյ մէջ գործող 16 հայկական վարժարանները:
«Ակօս»ի թղթակից Իշխան Էրտինչ կը տեղեկացնէ, թէ նոր ուսումնական տարուան համար Պոլսոյ հայկական դպրոցները ունին միայն 556 նոր աշակերտներ, որոնցմէ 348ը նախակրթարանի եւ միջնակարգի, 208ը՝ երկրորդականի աշակերտներ: Այս թիւը մօտ է անցեալ տարուան տուէալներուն, առ այդ՝ աշակերտներու թիւի աճ չէ արձանագրուած:
Սոյն ուսումնական տարուան, Պոլսոյ 16 հայկական դպրոցներու աշակերտներու ամբողջական թիւը կազմած է 2992, 710՝ երկրորդական եւ 2282՝ նախակրթարանի ու միջնակարգի աշակերտներ։
Նախակրթարաններէն եւ միջնակարգ վարժարաններէն ամենաքիչ թիւով աշակերտներ ընդունած է Պոլսոյ Պէյօղլու շրջանին մէջ գտնուող Եսայեան վարժարանը՝ ընդամէնը 3 առաջին դասարանի աշակերտներ, իսկ ամէնէն շատը՝ հայաշատ Շիշլի շրջանի Գարակէօզէան վարժարանը, որ ունեցած է 47 նոր աշակերտներ։ Գարագէօզէանէն ետք Պաքըրքէոյ շրջանի Դադեան եւ հայաշատ Սամաթիա թաղամասի Սահակեան-Նունեան վարժարանները՝ համապատասխանաբար 43 եւ 40 նոր աշակերտներով:
Պատմական Գումգափու թաղամասի Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին կից գտնուող Պեզճեան դպրոցը, որ կը համարուի Պոլսոյ հայկական Մայր վարժարանը, այս տարի ունեցած է 30 առաջին դասարանի աշակերտ:
Երկրորդական վարժարաններու շարքին ամէնէն շատ նոր աշակերտներ ունեցած է Պէյօղլու շրջանին մէջ գտնուող Կեդրոնական երկրորդական վարժարանը՝ 55 նոր աշակերտներ: Եսայեան վարժարանի երկրորդականի բաժինը ընդունած է 48 նոր աշակերտներ։ Անոր կը յաջորդեն հայաշատ Փանգալթըի Մխիթարեան դպրոցը՝ իր 40 նոր աշակերտներով, ինչպէս նաեւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի երկրորդականը՝ իր 37 նոր աշակերտով: