ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Սեպտեմբեր 19ին, ՄԱԿի կեդրոնատեղիին մէջ մասնակցեցաւ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 72րդ նստաշրջանին եւ արտասանեց Հայաստանի պաշտօնական խօսքը, որուն մէջ յատկապէս անդրադարձաւ Արցախի տագնապին ու Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն։
Ան ըսաւ. «Մենք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը երբեք նախապայման չենք դարձրել Հայաստանի եւ Թուրքիայի երկկողմ յարաբերութիւնները կանոնակարգելու համար: Աւելի՛ն, հէնց Հայաստանի նախաձեռնած գործընթացի շնորհիւ, 2009 թուականի Հոկտեմբերին կնքուեցին Ցիւրիխեան արձանագրութիւնները: Այդ փաստաթղթերն առ այսօր չեն վաւերացուել եւ հանգրուանել են պաշտօնական Անգարայի մութ գզրոցներում: Թուրքիայի կառավարութիւնը անհեթեթ նախապայմաններ է առաջ քաշում դրանք վաւերացնելու համար, որոնք բնաւ չեն բխում արձանագրութիւնների տառից եւ ոգուց: Այդ ամէնի հանդէպ հայ ժողովրդի յստակ վերաբերմունքը ես արտայայտեցի երեք տարի առաջ՝ այս բարձր ամպիոնից: Այժմ եկել է լրացուցիչ պարզաբանում տալու ժամանակը: Թուրքիայի ղեկավարութիւնը սխալւում է, եթէ մտածում է, որ ինքը կարող է առյաւէտ պատանդ վերցնել այդ փաստաթղթերը եւ վաւերացնել միայն իրեն յարմար առիթով: Արձանագրութիւնները բանակցուել են ներկայիս պայմաններում՝ առկայ խնդիրներին լուծում գտնելու համար: Դրանց կենսագործման ուղղութեամբ շարունակաբար որեւէ դրական տեղաշարժի բացակայութեան պայմաններում, Հայաստանը այդ երկու արձանագրութիւնները յայտարարելու է առ ոչի՛նչ: Մենք 2018 թուականի գարուն ենք մտնելու առանց այդ, ինչպէս, ցաւօ՛ք սրտի, փորձը ցոյց տուեց՝ սին արձանագրութիւնների»:
Նախագահ Սարգսեան իր խօսքին մէջ նաեւ անդրադարձաւ արցախեան տագնապի լուծման, ատրպէյճանական ռազմատենչ եւ հայատեաց քաղաքականութեան՝ վերահաստատելով հայկական կողմին այն մօտեցումը, թէ տագնապին լուծումը պէտք է կատարուի խաղաղ միջոցով: «Ադրբեջանը չունի իրաւական եւ բարոյական որեւէ հիմք՝ Արցախի հանդէպ յաւակնութիւն ներկայացնելու համար: Արցախը երբեք անկախ Ադրբեջանի մաս չի կազմել, ուստի՝ արդար չեն այդ պետական շրջանակին Արցախը բռնակցելու ձգտումները: Ազատ Արցախն այսօր կայացած ժողովրդավարական հասարակութիւն է։ Կարգաւորման ի՛նչ տարբերակի էլ յանգենք՝ միեւնո՛յն է, Արցախի Հանրապետութիւնը չի կարող ունենալ աւելի ցածր կարգավիճակ եւ վայելել աւելի քիչ ազատութիւն, քան ունի այսօր: Ադրբեջանը պէտք է ճանաչի եւ յարգի Արցախի ժողովրդի կողմից իր ապագան ազատ կամարտայայտութեամբ որոշելու իրաւունքը», ըսաւ ան:
Ապա անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն՝ նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց այն բոլոր երկիրներուն, որոնք ճանչցած են աւելի քան դար մը առաջ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը: