ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Էյ.Փի.».- Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի յայտնեց, որ հիւլէական ծրագիրին շուրջ գոյացած համաձայնութիւնը կրնայ իբրեւ նմոյշ ծառայել աշխարհի տարածքին խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն համար:
Ռոհանի ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին ըսաւ, որ Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի հանրաքուէն եւ շրջանին մէջ սահմաններու փոփոխութիւնը երկու շատ վտանգաւոր հարցեր են:
Իր կարգին, Կիւթերեշ յայտնեց. «Մենք վճռականօրէն կը զօրակցինք Իրաքի հողային ամբողջականութեան եւ իրաքեան սահմանադրութեան», աւելցնելով, որ Իրաքի եւ Սուրիոյ որեւէ մասնատում կը վնասէ շրջանի կայունութեան: