ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած 2017ի խորհրդաժողովը պիտի սկսի Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6ին, երեկոյեան ժամը 8ին տեղի ունենալիք «Ուրացման Ճարտարապետներ» ֆիլմի ցուցադրութեամբ, իսկ Շաբաթ օր պիտի շարունակուի իրաւագիտական, քաղաքական, լրատուամիջոցներու եւ Հայ Դատի ջատագովման նուիրուած մասնագիտական քննարկումներով։
Ֆիլմի ցուցադրութիւնը ու անոր յաջորդող բարի գալուստի հիւրասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ Շաբաթ օրուան խորհրդակցութիւնները պիտի կայանան Փասատինայի «Convention Center»ին մէջ։
Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման եւ անոր հետեւանքներուն առնչուող սոյն ֆիլմը արտադրած Մոնթել Ուիլիըմզն ու Տին Քէյնը եւս պիտի մասնակցին Շաբաթ օր կայանալիք «Ֆիլմ եւ արուեստներ» քննարկումին։
Իր տեսակին մէջ 4րդը հանդիսացող այս խորհրդաժողովին քննարկուելիք այլ նիւթերէն է՝ «Յանդգնութեան տիպար»ը, որու ծիրին մէջ ելոյթ պիտի ունենայ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխաններէն Կարօ Փայլան, որ նաեւ պիտի ստանայ Հայ Դատի «Ազատութեան» մրցանակը՝ Կիրակի, Հոկտեմբեր 8ին կայանալիք Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին։
«Անդրազգային արդարութիւն. Դէպի Հատուցումներ» խորագրուած նիստի քննարկումներուն պիտի մասնակցին Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ նոր հաստատուած՝ «Խոստումը» հիմնարկէն, ինչպէս նաեւ Արդարութեան ու մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնէն մասնագէտներ։
«Գործնական քաղաքականութիւն» նիստին պիտի մասնակցին քոնկրեսականներ Էտ Ռոյս եւ Էտըմ Շիֆ, իսկ «Ժողովուրդին ուժը» քննարկումը ի մի պիտի բերէ Միացեալ Նահանգներու տարածքէն Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ։
Հայ Դատի խորհրդաժողովի յաջորդ օրը կայանալիք տարեկան ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 500-1918 թիւին, կամ այցելել www.ancawr.org/gala կայքէջը: