ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Այս տարուան առաջին 9 ամիսներուն ընթացքին, Վանի Աղթամար կղզին այցելած են 109,000 զբօսաշրջիկներ. այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթը՝ աւելցնելով, որ այս թիւը 25.5 տոկոսով աճ մըն է նախորդ տարուան տուեալին համեմատ:
Վանի մէջ զբօսաշրջութեան աշխոյժ ժամանակաշրջան կը համարուին ամրան ամիսները, երբ հազարաւոր զբօսաշրջիկներ կ՛այցելեն կղզին:
Ըստ թերթին՝ պատմական հայկական Ս. Խաչ եկեղեցիով նշանաւոր դարձած կղզին այցելող զբօսաշրջիկներուն մեծամասնութիւնը իրանցի է:
Յիշեցնենք, որ Աղթամար կղզիին վրայ կը գտնուի 10րդ դարուն Գագիկ Արծրունի թագաւորին կողմէ կառուցուած Ս. Խաչ եկեղեցին: Անիկա յայտնի է իր որմանկարներով եւ զարդաքանդակներով: Թրքական իշխանութիւնները 2007ին վերանորոգեցին եկեղեցին, որ այժմ վերածուած է թանգարանի: Այդ ժամանակ, եկեղեցիին մէջ կ՛արտօնուէր կրօնական ծիսակատարութիւն կատարել տարին մէ՛կ անգամ, Սեպտեմբերին՝ Խաչվերացի տօնին առիթով: Սակայն, վերջին երկու տարիներուն, քիւրտերու եւ թրքական ուժերուն միջեւ բախումներուն պատճառաբանութեամբ՝ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցել չէ արտօնուած: