ՍԱԼԲԻ ՀԱՑՊԱՆԵԱՆ
(Ծնեալ՝ Մայիս 5, 1931ին, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ կնոջ, մօր, մեծ մօր, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ, եւ հարազատին՝ Սալբի Հացպանեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2017ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, կէսօրուան ժամը 12ին, Hollywood Hill Forest Lawn գերեզմանատան Old North Church մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ:
Սգակիրներ՝
Ամուսինը՝ Միքայէլ Հացպանեան
Զաւակները՝ Յովիկ եւ Մերի Հացպանեան եւ զաւակները՝
Արփա, Կարօ եւ Սարօ
Ալին եւ Վահէ Պապայեան եւ զաւակները՝ Դուին եւ Դալիշ
Գէորգ եւ Ճաքի Մարտիրոսեան եւ զաւակները՝ Հուրիկ եւ Դանիա
Տալը՝ Վրէժուհի Իբէքեան եւ զաւակը՝ Վրէժ
Եղբօր դուստրը՝ Սիւզի եւ Գէորգ Մինոյեան եւ զաւակները
Քրոջ զաւակները՝ Վիգէն եւ Սեդա Աղճայեան եւ զաւակը
Ատուր եւ Արշօ Աղճայեան եւ զաւակը
Ճանիս Աղճայեան եւ զաւակները
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՕՄի Կլենտէյլի «Սիփան» մասնաճիւղին: