ԵՐԵՒԱՆ.- Կառավարութիւնը հաստատած է «1988-1992 թուականներին Ադրբեջանի Հանրապետութիւնից բռնագաղթած եւ ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած անձանց կողմից զբաղեցրած բնակելի տարածքները սեփականաշնորհելու մասին» որոշումը:
Պետական գոյքի կառավարման վարչութեան աշխատակազմի հաշուեկշիռին մէջ գտնուող Կոտայքի մարզի, Երեւանի եւ Աբովեան քաղաքի հանրակացարաններուն մէջ բնակող անձերը իրաւունք ստացած են սեփականաշնորհելու իրենց բնակած տարածքները: