ԵՐԵՒԱՆ.- Մարտունիի, Կապանի եւ Վանաձորի բնակիչները առաւել ապահով պիտի ըլլան շնորհիւ վարակներու վերահսկման, մշտադիտարկման եւ անոնց դէմ պայքարի համար կառուցուած տարրալուծարաններու:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան կողմէ կառուցուած եւ նոր արհեստագիտութեամբ յագեցուած տարրալուծարամնները կը հանդիսանան առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի մասնաճիւղերը:
Երկուշաբթի, 16 Հոկտեմբերին, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեանի հետ բացումը կատարեց Գեղարքունիքի մարզի Մարտունի քաղաքին մէջ առողջապահութեան նախարարութեան մարզային տարրալուծարանին:
Այս նոր կառոյցը թոյլ կու տայ հայ գիտնականներուն անվտանգ կերպով եւ արդիւնաւէտօրէն կատարելու իրենց աշխատանքը, արձագանգել որեւէ տեսակի հնարաւոր վարակիչ հիւանդութիւններու բռնկումներին, որոնք կրնան սպառնալ Հայաստանի քաղաքացիներուն, գիւղատնտեսական կենդանիներուն, տնտեսութեան կամ ազգային անվտանգութեանե, ըսաւ դեսպան Միլզ բացման արարողութեան ընթացքին:
Մարտունիի այս տարրալուծարանին կողքին վերջերս աւարտած է առողջապահութեան նախարարութեան երկու նոր մարզային տարրալուծարաններու կառուցումը, որոնցմէ մէկը՝ Կապանի, իսկ միւսը‘ Վանաձորի մէջ:
Այս ծրագիրի ծիրին մէջ նախարարութեան աշխատակիցներու համար գնուած են նաեւ ժամանակակից սարքաւորումներ՝ հիւանդութիւնները ախտորոշելու եւ հետազօտելու համար: Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը 9 միլիոն տոլար յատկացուցած է տարրալուծարաններու կառուցման, սարքաւորումներով վերազինման եւ առողջապահութեան, գիւղատնտեսութեան ու արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւններու աշխատակիցներու վերապատրաստման համար: