ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, 12 Հոկտեմբերի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս երկար հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապէթ Ռիչըրտի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան թէ՛ Լիբանանի ներքին կացութեան եւ թէ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումներուն առնչուած հարցեր:
Քննարկուած հարցերուն գծով վեհափառը ներկայացուց իր տեսակէտները, իսկ դեսպանը իր կարգին՝ իր երկրին մտահոգութիւնները եւ առաջադրանքները:
Բնականաբար, հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի, Հայ Դատի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան ու թեմերուն հետ կապ ունեցող հարցեր: