ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Միջնադարեան Հայաստանի մէջ կարաւանային առեւտուրի զարգացման զուգահեռ ընդարձակուած ու բարեկարգուած են ճանապարհները, կառուցուած են իջեւանատուներ եւ կարաւանատուներ: Նմանօրինակ կառոյցներու շարքին կը դասուի իր աշխարհագրական դիրքով եւ ճարտարապետական լուծումներով յատուկ կարեւորութիւն ունեցող, Վայոց Ձորի մարզի Աղնջաձոր գիւղին մօտ գտնուող Սելիմի կարաւանատունը (Սուլեմայի կամ Չեսարի կարաւանատուն): Յուշարձանի կառուցման 685ամեակին նուիրուած կազմակերպուած է ձեռնարկ մը, որուն մասնակիցները պատմական ակնարկի միջոցով անդրադարձած են հայաստանի մէջ 13րդ դարու առաջին կիսուն Օրբելեաններու իշխանական տոհմի հիմնադրման, խօսած են Չեսար Օրբէլեանի կողմէ Սելիմի կարաւանատան կառուցման մասին:
Չեսարի կարաւանատունը նման է պատմական Հայաստանի Տայք նահանգի նման կարաւանատուներուն: Տայքէն Վայոց ձոր տեղափոխուելէ ետք, Օրբելեանները նման քարաւանատուն կառուցած են նաեւ այդ մարզին մէջ: