ԱՐՊԻԼ, «Ռուտաու».- Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի ղեկավարութիւնը Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25ին գրաւոր յայտարարութիւն մը տարածած է՝ Սեպտեմբեր 25ին կայացած անկախութեան հանրաքուէին արդիւնքները սառեցնելու որոշումին մասին:
Ըստ թրքական «Հապերլեր» լրատուական կայքին՝ յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ այս որոշումը կայացուած է՝ նկատի առնելով Իրաքի կառավարական զօրքերուն եւ քրտական ուժերուն միջեւ վերջերս տեղի ունեցած բախումները ու զանոնք անմիջապէս կասեցնելու կարեւորութիւնը։
«Քրտական տարածաշրջանին եւ Իրաքի ժողովուրդին շահերը նկատի առնելով՝ պէտք է զինադադար ապահովել եւ դադրեցնել Իրաքի քրտական տարածաշրջանին մէջ ընթացող բոլոր ռազմական գործողութիւնները: Իրաքի կեդրոնական կառավարութեան եւ Քրտական մարզի ղեկավարութեան միջեւ՝ Իրաքի սահմանադրութեան վրայ հիմնուած երկխօսութիւն սկսելու նպատակով է, որ կը սառեցնենք Սեպտեմբեր 25ին կայացած հանրաքուէին արդիւնքները», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Վերոնշեալ որոշումին արձագանգելով՝ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ հռետորական հարցում մը ուղղած է Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանիին՝ ըսելով. «Եթէ պիտի նահանջէիք, ապա ինչո՞ւ չանսացիր Թուրքիոյ խորհուրդներուն եւ պնդեցիր սխալ ընտրանքին վրայ»:
Նշենք, որ քրտական ուժերուն եւ Իրաքի բանակին ընկերակցող շիիներու «Հաշիտ Շաապի» զինեալ խմբաւորման զինեալներուն միջեւ Հոկտեմբեր 24ին եւս բախումներ տեղի ունեցան, այս անգամ՝ Սուրիա-Իրաք սահմանին մօտերը, մինչ Իրաքի բանակը կը շարունակէր շրջանին մէջ հրասայլերու, հրետանիի եւ սպառազինութեան տեղակայումը:
Նաեւ, Իրաքի իշխանութիւններուն խնդրանքով, Իրան Հոկտեմբեր 25ին բացաւ Քիւրտիստանի ինքնավար մարզին հետ սահմանին վրայ գտնուող Պաշմաք անցակէտը: