Արեւմտեան Ամերիկայի Լիբանանահայ Ընտրական Յանձնախումբը դարձեալ լծուած է գործի եւ կոչ կ՛ուղղէ Արեւմտեան Ամերիկա (յատկապէս Քալիֆորնիա) բնակող բոլոր լիբանանահայերուն՝ մինչեւ Նոյեմբեր 20, 2017 լրացնել քուէարկութեան ելեկտրոնային հարցաթերթիկը եւ իրենց բնակած վայրերէն արձանագրուիլ ընտրական գործընթացին, որ իր լրումին կը հասնի Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններով՝ Մայիս 6, 2018ին:
Արձանագրութեան ելեկտրոնային կապն է www.diasporavote.mfa.gov.lb։
Արձանագրութեան ժամկէտը՝ Նոյեմբեր 20, 2017։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, հեռաձայնել 818-590-1419 թիւին։
Ամերիկեան ցամաքամասէն ձեռք երկարենք լիբանանահայութեան եւ ելեկտրոնային դրութեամբ ապահովենք առաւելագոյն արդիւնք:
Որովհետեւ՝
Քուէարկել կը նշանակէ՝ պաշտպանել լիբանանահայ համայնքին իրաւունքները:
Քուէարկել կը նշանակէ՝ կատարել քաղաքացիական ծառայութիւն:
Քուէարկել կը նշանակէ՝ մատուցել արժանի յարգանքը ծննդավայր Լիբանանին:
Լիբանանահայութիւնը, անցնող բոլոր ժամանակներուն, մի՛շտ ցուցաբերած է արժանավայել վերաբերում Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ իր քաղաքացիական օրինակելի վարկով վստահութիւնը շահած՝ բազմահամայնք Լիբանանի բոլոր թեւերուն անխտիր:
Վստահ ենք, որ մեր համայնքի զաւակները պատմական նոյն կեցուածքով հանդէս պիտի գան նաեւ Մայիս 6, 2018ի ընտրութիւններուն եւ կատարեն պարտն ու պատշաճը՝ օգտուելով նաեւ արհեստագիտութեան ընձեռած բարիքներէն՝ յանուն լիբանանահայութեան իրաւունքներուն քուէարկելով իրենց գտնուած վայրերուն մէջ:
Լիբանանահայութիւնը կարիքը ունի ծննդավայր Լիբանանէն դուրս ապրող իր հարազատ զաւակներու քուէներուն:
Չփախցնե՛նք առիթը։
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ