ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի մէջ բժշկական զբօսաշրջութեան զարգացման նպատակով՝ կառավարութեան 5ամեայ ծրագիրով նախատեսուած միջոցառումներու ծիրին մէջ, առողջապահութեան նախարարութեան մէջ հանդիպում մը ունեցան ատամնաբուժական ծառայութիւններ մատուցող կազմակերպութիւններու եւ մասնագիտական ընկերակցութիւններու ղեկավարները եւ ոլորտի պատասխանատուները:
Ըստ առողջապահութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան՝ ողջունելով հանդիպման մասնակիցները, առողջապահութեան նախարարութեան աշխատակազմի բժշկական օգնութեան քաղաքականութեան վարչութեան պետի պաշտօնակատար Դաւիթ Մելիք Նուբարեան յայնած է, որ ծառայութիւնը Հայաստանի մէջ ամուր հիմքեր ունի՝ հարուստ աւանդոյթներով, եւ երկիրը մեծ կարողականութիւն ունի միջազգային շուկային վրայ մրցունակ դառնալու:
Ուսումնասիրութիւնները կը վկայեն, որ հայկական ծագումով զբօսաշրջիկներու Հայաստան այցերուն գրեթէ 12 տոկոսը կատարուած է բուժման նպատակով: