ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Գանձասար».- Շաբաթ, 28 Հոկտեմբեր 2017ին, Սուրիոյ տնտեսութեան եւ արտաքին առեւտուրի նախարար դոկտ. Մուհամմետ Սամէր ալ Խալիլ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութենէն ժամանած պատուիրակութիւն մը՝ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Սուրիոյ մօտ ՀՀ դեսպան դոկտ. Արշակ Փօլատեան:
Սուրիոյ առեւտուրի նախարարը հայաստանեան պատուիրակութեան հետ քննարկեց երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի փոխանակման ծաւալի աճման եւ ապրանքներու փոխանակումը կարգաւորող յանձնաժողովի մը յառաջացման մեքանիզմները:
Նախարար Խալիլ կոչ ուղղեց առեւտրական եւ ներդրումային յարաբերութիւնները զարգացնելու եւ քաղաքական ու հասարակական յարաբերութիւններու մակարդակին հասցնելու զանոնք՝ ընդգծելով, որ նախարարութիւնը ունի Հայասատան արտահանելու համար սուրիական ապրանքներու մատչելի ցանկ մը եւ կ՛ակնկալէ Սուրիա ներածման համար հայաստանեան ապրանքներու համապատասխան ցանկի մը պատրաստութիւնը՝ դիտել տալով որ Սուրիա ապրանքի փոխանակման եւ մաքսային տուրքերուն առնչուող դիւրութիւններ պիտի ընծայէ՝ գործնական աշխատանքի լծուելու համար:
Նախարար Խալիլ հայաստանեան ընկերութիւններուն կոչ ուղղեց մասնակցելու Սուրիոյ վերակառուցման աշխատանքներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ օգտուիլ հայկական ընկերութիւններու կարելիութիւններէն, յատկապէս մետաղեայ կառոյցներու, պազելթային աշխատանքներու, ծրագրային եւ համակարգչային ճարտարագիտութեան շրջագիծէն ներս:
Իր կարգին, նախարար Կարայեան պատրաստակամութիւն յայտնեց մասնակցելու Սուրիոյ վերակառուցման եւ օժանդակելու յատկապէս ելեկտրական ցանցերու եւ ենթակառոյցներու վերաշինութեան աշխատանքներուն, նկատի ունենալով որ Հայաստան այս ոլորտներուն մէջ ունի հմուտ մասնագէտներ, աշխատողներ եւ ճարտարագէտներ:
Կարայեան շարք մը առաջարկներ ներկայացուց՝ հայաստանեան ապրանքներու սուրիական շուկայ արտածման համար, եւ փոխադարձաբար սուրիական արտադրութիւններու ներածման համար:
Հանդիպումէն ետք, նախարար Կարայեան լրատուամիջոցներու հետ իր զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ այցելութեան հիմնական նպատակն է զարգացնել Հայաստան- Սուրիա տնտեսական յարաբերութիւններն ու սուրիական կողմին հետ համագործակցութիւնը զանազան ոլորտներու մէջ եւ գործնական անմիջական քայլերու ձեռնարկել այս առումով: Յիշենք, որ նախորդ տարիներուն, Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ ստորագրուած կարեւորագոյն պայմանագրութիւններն ու փաստաթուղթերը կը վերաբերին տնտեսական, գիտական եւ արուեստի ոլորտներուն, ցամաքային եւ օդային փոխադրութեան, գիւղատնտեսութեան եւ հանքային հարստութեան, զբօսաշրջութեան եւ տեղեկատուական ծառայութիւններուն, տնտեսական փոխանակման մէջ հարկային քաղաքականութեան եւ երկու երկիրներուն մէջ սուրիական ու հայաստանեան արտադրութիւններու ցուցահանդէսներու կազմակերպման փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրութեան:
Երկու երկիրներու առեւտրական յարաբերութիւնները կը կարգաւորուին 1992ին ստորագրուած համագործակցութեան համաձայնագիրին հիման վրայ: Սուրիայէն Հայաստան կ՛արտածուին արեւի ջերմուժով ջրային ջեռուցման համակարգեր, հագուստ, համեմ, դեղորայք, կօշիկներ ու ծառի տունկեր, իսկ Հայաստանէն Սուրիա կ՛արտածուին առաւելաբար ժամացոյցներ եւ մարտկոցներ: