ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսայի Հայաստան հիմնադրամը այս տարի կը կազմակերպէ իր 25րդ ֆոնեթոնը Նոյեմբեր 15էն 19:
Այս ձեռնարկին ընդառաջ, հիմնադրամը «Ձեր չորս ժամը տրամադրեցէք Հայաստանի օգնութեան» բնաբանով՝ կոչ կ՛ընէ կամաւորներու: Անոնց առաքելութիւնը պիտի ըլլայ Փարիզ-Քոլոմպի, Լիոնի, Մարսէյի եւ Թուլուզի հեռաձայնային կեդրոններէն դիմել նուիրատուներու:
Յաւելեալ մանրամասնութեանց եւ արձանագրութեանց համար այցելել՝ www.fondsarmenien.org կայքը։