ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Զբօսաշրջութեան պետական վարչութեան՝ 2018ի ծրագիրներուն համար յաջորդ տարուան Հայաստանի պետական պիւտճէէն կը յատկացուի շուրջ 350 միլիոն դրամ, որ 3.5 անգամ աւելի է, քան 2017ին յակացուածը:
Վարչութիւնը ծրագրած է կրկնապատկել զբօսաշրջութեան զարգացման ծրագիրով միջազգային ցուցահանդէսներու մասնակցութիւնը, աւանդական փառատօններու կազմակերպումը, ենթակառուցուածքներու զարգացումը: Նշենք, որ բացի այս գումարէն, 72 միլիոն դրամ կը նախատեսուի յատկացնել հանրապետութեան զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամին: