ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- «Ցաւալի է, որ որոշ պետութիւններ կրթութիւնը կ՛օգտագործեն հակադիր նպատակներով՝ անոր միջոցով ազգայնական ատելութիւն սերմանելով յատկապէ՛ս երիտասարդներուն մէջ», ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Փարիզի մէջ կայացող ՄԱԿի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութեան (ԵՈՒՆՍՔՕ) 39րդ գլխաւոր համաժողովի ընթացքին:
Նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան համաձայն, Նալբանդեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի դասագիրքերուն մէջ բազմաթիւ են նման օրինակներ. օրինակ՝ անոնցմէ մէկը երեխաներուն կը սորվեցնէ, թէ հայերը իրենց ծննդաբանական թշնամիներն են:
«Ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժողութեան դէմ պայքարի եւրոպական յանձնաժողովի՝ 2016ի զեկոյցին մէջ նշուած է, որ «Ատրպէյճանի քաղաքական առաջնորդները, կրթական հաստատութիւնները եւ լրատուամիջոցները շարունակած են հայերուն հանդէպ ատելութեամբ լի կոչեր հնչեցնել. ատրպէյճանցիներու ամբողջ սերունդ մը մեծցած է՝ անսալով ատելութեան այս հռետորաբանութեան»: ԵՈՒՆԵՍՔՕի կանոնադրութեան մէջ արդարացիօրէն ամրագրուած է, որ «պատերազմները կը սկսին մարդոց ուղեղներուն մէջ»: Հասարակութիւնները պատրաստ չեն ըլլար հաշտութեան, եթէ անոնց գիտակցութեան մէջ չամրագրուի խաղաղութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը», հաստատած է Նալբանդեան:
Ան նաեւ յիշեցուցած է գերմանացի յայտնի գրող Հենրիխ Հայնէի խօսքը՝ «Այնտե՛ղ, ուր գիրքեր կ՛այրուին, վերջաւորութեան մարդիկ պիտի այրուին», եւ աւելցուցած. «Ատրպէյճանցի յայտնի վիպասանին գիրքերը կրակի տրուեցան Պաքուի փողոցներուն մէջ միա՛յն այն պատճառով, որ ան ճշմարտութիւնը կ՛ըսէր հայերու կոտորածներուն մասին եւ հաշտեցման կոչ կ՛ուղղէր: Ան ներկայացուցած էր Նախիջեւանի մէջ իր հայրենի գիւղին պատմութիւնը, որ իր մանկութեան տարիներուն ունէր տասներկու հայկական եկեղեցիներ: Անոնք բոլորը՝ Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի ամբողջ տարածքին առկայ հայկական բազմաթիւ այլ սրբավայրերու ու գերեզմանատուներու հետ միասին, ոչնչացուեցան 1990ական եւ 2000ական թուականներուն: Նոյն կերպով, Ջուղայի հայկական գերեզմանատան հազարաւոր նրբազարդ միջնադարեան խաչքարեր հողին հաւասարուեցան՝ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն թոյլտուութեամբ: Այդ տարածքը այժմ վերածուած է ռազմական հրաձգարանի»:
Նալբանդեան ապա յիշեցուցած է, որ Ատրպէյճանի հայ բնակչութեան նկատմամբ իրականացուած էթնիկ-ցեղային զտումներէն ետք, այժմ Պաքուն նպատակադրած է ջնջել նոյնի՛սկ հայերուն քանի մը հազարամեայ ներկայութեան մասին յիշողութիւնը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ տեղաբնիկ հայ մշակոյթին եւ պատմութեան հետքերը:
«Պաքուն կը ջնջէ անցեալը ա՛յն պատճառով, որ անիկա չի համապատասխաներ Ատրպէյճանի կողմէ իրեն համար յօրինուած երեւակայական ներկային, հաւանաբար՝ հետեւելով Ճորճ Օրուէլի յայտնի խօսքերուն՝ «Ո՛վ կը վերահսկէ ներկան, կը վերահսկէ նաեւ անցեալը»: Անոնք, որոնք այսօր կը ղեկավարեն Ատրպէյճանը, կը կարծեն, թէ կրնան վերաշարադրել պատմութիւնը՝ օրինականացնելու համար իրենց ներկայի անհանդուրժողական քաղաքականութիւնը», ըսած է ԱԳ նախարարը։
Վերջապէս, խօսելով պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման կարեւորութեան մասին՝ նախարար Նալբանդեան նշած է. «Պատմականօրէն գտնուելով տարբեր քաղաքակրթութիւններու խաչմերուկին, Հայաստան ձեւաւորած է այլ մշակոյթներու եւ կրօններու նկատմամբ յարգանքի եւ համակեցութեան խոր արմատներ ունեցող աւանդոյթներ: Ահա՛ թէ ինչու Հայաստանի մէջ կը պահպանուի մշակութային հարուստ ժառանգութիւն, որ ի թիւս այլոց, կը ներառէ հելլենական դարաշրջանի տաճար, հնագոյն եկեղեցիներ, միջնադարեան հրէական գերեզմանատուն, 18րդ դարու մզկիթ, իսկ շուտով այնտեղ պիտի աւարտի աշխարհի ամենամեծ եզիտիական տաճարի կառուցումը»: