ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Շաբաթ, Հոկտեմբեր 28ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, նախաձեռնութեամբ Արեւմտեան թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցներու վերահսկող մարմինին, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Թարգմանչաց տօնին եւ Հայ մշակոյթի ամսուան նուիրուած՝ Կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչական կազմերու միօրեայ սեմինարը։ Հոգեւորականաց դասու անդամներու կողքին ներկայ էին կիրակնօրեաներու աւելի քան 25 տեսուչներ եւ ուսուցիչներ։
Հաւաքը սկիզբ առաւ գիշերային ժամերգութեամբ, որուն ընթացքին երգուեցաւ Թարգմանիչ սուրբերուն նուիրուած «Որք Զարդարեցին» շարականը։ Ժամերգութեան աւարտին, Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի տեսուչ եւ վերահսկող մարմինի համաատենապետ Ռաֆֆի Թորոսեան կատարեց հոգեւոր խորհրդածութիւն մը։
Կիրակնօրեայի քայլերգի երգեցողութեամբ կատարուեցաւ սեմինարին բացումը։ Բացման եւ բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի տեսուչ եւ վերահսկող մարմինի համաատենապետ Յակոբ Ջաղացպանեան։
Առաջին դասախօսութիւնը ներկայացուց առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան, նիւթ ունենալով՝ «Թարգմանչաց տօնը եւ կիրակնօրեայ դպրոցները»։ Ան զուգահեռներ գծեց Թարգմանչաց վարդապետներու եկեղեցանուէր ու ազգանուէր առաքելութեան եւ կիրակնօրեայի ուսուցիչներու կոչումին միջեւ, ապա ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց կիրակնօրեայի ուսուցիչներու պարտականութիւնները։ Հայր սուրբը կանգ առաւ գլխաւոր երկու կէտերու վրայ. առաջին՝ Աստուծոյ խօսքը նախապատիւ համարել կիրակնօրեայ դպրոցներուն մէջ, երկրորդ՝ Աստուծոյ խօսքը մատուցել պատանիին հասանելի եւ ըմբռնելի ձեւով։
Երկրորդ դասախօսութիւնը ներկայացուց Քրիստափոր Միքայէլեան, նիւթ ունենալով՝ «Թարգմանչաց տօնին խորհուրդը»։ Ան անդրադարձաւ Թարգմանչաց վարդապետներուն կտակած աւանդին՝ հայ ազգի եկեղեցական, մշակութային եւ քաղաքական միտքի ձեւաւորման մէջ։
Ապա, Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան ներկայացուց կիրակնօրեայ դպրոցի դասագիրքերն ու կանգ առաւ կրօնադաստիարակչական գործը այժմէական նիւթերով յառաջ տանելու կարեւորութեան վրայ։
Փակման եւ օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ առաջնորդը։ Ան առաջին հերթին գնահատեց Կիրակնօրեայ դպրոցներու վերահսկող մարմինի անդամներն ու ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, իրենց բազմերախտ աշխատանքներուն եւ նուիրումին համար։ Խօսելով ժամանակի պահանջներուն հաղորդ ըլլալու հրամայականին մասին՝ սրբազանը շեշտեց վերանորոգումի հրաւէրին ընդառաջելու կարեւորութիւնը։

«Ինչպէս որ արարչութեան բոլոր տարրերը զարգացման բնական հոլովոյթի մէջ են, այնպէս ալ մարդկային կեանքը իր բոլոր մարզերով՝ ներքնապէս թէ արտաքնապէս, կարիքը ունին վերանորոգման, յառաջդիմութեան եւ այժմէականացման», նշեց առաջնորդը՝ յորդորելով ներկաները, որ նոր աւիւնով եւ վերանորոգ հոգիով, հաւատքով, նուիրումով, սերտ գործակցութեամբ ու ծառայութեամբ շարունակեն իրենց առաքելութիւնը։ Խօսելով Թարգմանչաց սերունդին մասին՝ ան նշեց, որ պէտք չէ միայն հպարտանալ նախնեաց աւանդով, այլ պէտք է իւրացնել զանոնք եւ բաժնեկից դարձնել նոր սերունդին։
Համագումարը իր աւարտին հասաւ առաջնորդի «Պահպանի»չով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով։ Ապա, իւրաքանչիւր ուսուցիչի նուիրուեցաւ «Հաւատով Խոստովանիմ»ի եւ «Պրիսմակ»ի օրինակներ։